Ռուբէն Հախվերտեան
Ռուբէն Հախվերտեան ծնած է 1950-ին, Երեւան: Աշխատած է Երեւանի հեռուստատեսութեան մէջ իբրեւ բեմադրիչի օգնական: 1975-ին աւարտած է Երեւանի Թատերական Համալսարանը, մասնագիտանալով թատրոնի եւ հեռուստատեսութեան բեմադրիչի ճիւղին մէջ: Ինքնաշխատութեամբ խորանալով բանաստեղծական ու երաժշտական մարզերուն մէջ, Ռուբէն դարձած է երգահան, հայկական երգարուեստին մէջ բանալով նոր ճիւղ ու նոր դպրոց՝ Հեղինակային երգը: Ան կը համարուի հայրենի հեղինակային երգի հայրը, որ ժամանակի ընթացքին ունեցաւ հետեւորդներ: Ան սնած է նաեւ 1960-ական թուականներու քաղաքական ու ժողովրդային երգերով: Ռուբէն Հախվերտեան հեղինակած եւ բեմադրած է շարք մը երաժշտական թատերական ներկայացումներ, որոնցմէ ամէնէն յայտնին եւ ժողովրդականը «Սատանայի Ջրաղաց» կատակերգութիւնն է: Ռուբէնի ստեղծագործական վաստակին կը պատկանին հարիւրաւոր երգեր, որոնց շարքին՝ մանկական շարժանկարներու երգեր: Մինչեւ 1988 Ռուբէնի երգերը պաշտօնապէս արգիլուած էին Խորհրդային Հայաստանի մէջ, սակայն անոր երգերն ու ստեղծագործութիւնները իրենց մեծ նպաստը ունեցան մանաւանդ Արցախեան պահանջատիրութեան մէջ, երբ հայ ազատամարտիկները կ՚ուղղուէին ճակատ: Ռուբէն իր կիթառով ու երգերով կը խրախուսէր հայ երիտասարդները, կ՚երգէր հայրենիքի անկախութեան համար, կը քննադատէր իշխանութիւնները եւ կոչ կ՚ուղղէր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման: Ռուբէն Հախվերտեան հրապարակած է նաեւ մանկական երգերու ամբողջական ձայնասկաւառակը, իր արուեստը մատուցելով հայ նորահաս սերունդին: