Սիամանթօ (1878-1915)
Սիամանթօ, բուն անունով Ատոմ Եարճանեան, մեծատաղանդ բանաստեղծը ծնած է 1878 Յունուար 1-ին Ակն քաղաքը: Նախնական ուսումը ստացած է տեղի Ներսէսեան վարժարանը: 1891-ին հօրը հետ տեղափոխուած է Պոլիս եւ ուսանած է Գում Գաբուի Միրիճանեան, յետոյ՝ Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարաններուն մէջ: 1895-ի ջարդերուն հետեւանքով, մեկնած է նախ Գահիրէ, ապա Եւրոպա՝ Ժընեւ, Փարիզ, ուր հետեւած է Սորպոնի համալսարանի գրական բաժինին, իբրեւ ազատ ունկնդիր:
Սիամանթօ սերտ կապեր հաստատած է «Եւրոպայի հայ ուսանողներու միութեան» եւ հայ ազգային կուսակցութիւններու հետ։ Այս մթնոլորտին մէջ կազմաւորուած են անոր աշխարհայեացքային եւ գրական-գեղարուեստական հակումները։
Երիտթուրքական յեղափոխութենէն եւ Յուլիսեան սահմանադրութենէն ետք երկրի քաղաքական մթնոլորտն ստուգելու միտումով 1908-ին Սիամանթօ վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր ստեղծեր է իր «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» շարքը, զոր Դանիէլ Վարուժան անուանած է «տաղանդաւոր ոճրերգութիւն»[:
Հայ գաղթականներու կեանքն ու առօրեան ուսումնասիրելու առաքելութեամբ Սիամանթօ 1909-ին մեկնած է Ամերիկա։ Ազգահաւաքման, հայրենականչի այս գաղափարին վրայ Սիամանթօ կառուցած է «Հայրենի հրաւէր» բանաստեղծական նամակաշարը՝ տարագիր հայութեան ուղղուած։
1913-ին այցելած է Թիֆլիս , Պաքու եւ Էջմիածին, 1914-ին վերադարձած է Պոլիս, 1915-ին արեւմտահայ մտաւորականներու հետ սպաննուած է թուրքերու կողմէ:
Գրական ստեղծագործութիւններն են` «Դիւցազնօրէն» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, «Հայորդիներ» (1902-էն 1908) բանաստեղծական երեք շարքերը, «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» քնարական մատեանը (1904-էն 1907), «Հայրենի հրաւէր» (1909) նամակաշարը, «Կարմիր լուրեր բարեկամէս» (1909), «Սուրբ Մեսրոպ» (1913):
Իր բանասեղծութիւններէն շարք մը թարգմանուած է ռուսերէնի, ֆրանսերէնի, անգլերէնի եւ գերմաներէնի: