Սիմոն Աբգարեան
Սիմոն Աբգարեան ծնած է 5 Մարտ 1962-ին, Փարիզի հիւսիս արեւելեան արուարձաններէն մէկուն՝ Կոնէսզի մէջ, ֆրանսահայ ընտանիքի մը մէջ: 1971-1977 տարիներուն, երիտասարդ Աբգարեան իր հօր ու մօր հետ ապրած է Լիբանան, ուր յաճախած է հայկական վարժարան, միաժամանակ սորվելով նաեւ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուները: 1977-ին Աբգարեան վերստին տեղափոխուած է Փարիզ: Քանի մը տարի ետք ան փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր պարի եւ դերասանութեան իր դասերը շարունակած է Նիւ Եորքի Անդրանիկ Թատերախումբին հետ: Ապա տեղափոխուած է Լոս Անճելոս, Քալիֆորնիա: 1983-1985 ան ուսանած է դերասանութիւն եւ մաս կազմած է ՀԲԸՄ-ի Արտաւազդ Թատերախումբին, Ժերալտ Փափազեանի ղեկավարութեամբ: 1984ին ան մասնակցած է աշխատանքային հանդիպումներուն հռչակաւոր Թէաթր տիւ Սոլէյի, որ Օլիմփիքս Արթ Ֆեսթիվըլի ծիրին մէջ կ՚այցելէր Լոս Անճելոս: 1985-ին Սիմոն Աբգարեան կը վերադառնայ Փարիզ, ուր ձեռք կը բերէ թատերական դերասանական յաջողակ ասպարէզ եւ ութ տարի կը համագործակցի Արիան Մնուշքինի՝ Թէաթր տիւ Սոլէյի հռչակաւոր բեմադրիչին հետ: 2001-ին Աբգարեան կը տիրանայ ֆրանսական թատրոնի դերասանի ամէնէն բարձր մրցանակին՝ Մոլիէրի մրցանակին, «Գազանը՝ լուսնի վրայ» թատերախաղին մէջ իր ստանձնած դերին համար: 1993-ին Աբգարեան եւ իր դերասանուհի-բեմադրիչ կինը՝ Քաթրին Շչոպը, Փարիզի մէջ հիմնեցին իրենց սեփական թատերախումբը՝ ԹԵՐԱ (Թէաթր Էսփաս Ռըշերշ Աքթէոր), ուր Սիմոն Աբգարեան դերեր ստանձնած եւ բեմադրած է դասական եւ ժամանակակից թատերախաղեր: Աբգարեան առաջին անգամ ժապաւէնի մէջ դեր ստանձնած է 1989-ին: Շարժապատկերի իր ասպարէզի սկզբնական շրջանին Աբգարեան արդիւնաբեր համագործակցութիւն ունեցաւ Սետրիք Քլափիշչի հետ, ֆրանսական վեց ժապաւէններու մէջ, հռչակ ստանալով մրցանակակիր «Շաքէոն շերշ սոն շա» (1996) ժապաւէնով: Ան արժանացաւ քննադատներու բարձր գնահատանքին Աթոմ Էկոյեանի մրցանակակիր «Արարատ» (2002) ժապաւէնին մէջ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի կերպարը մարմնաւորելու համար: Սիմոն Աբգարեան մրցանակներ շահած է «Թու թէյք է ուայֆ» (2004) ժապաւէնին մէջ Էլիահուի դերը կատարելու համար (բեմադրիչ՝ Ռոնիթ Էլքապէց): Իր շարժապատկերի ասպարէզին մէջ Սիմոն Աբգարեան մեծ ոստում արձանագրեց «Քազինօ Ռուայալ» (2006) ժապաւէնին մէջ Ալեքս Տիմիթրոսի երկրորդական դերով հանդէս գալով եւ Տանիէլ Քրէյկի կողքին քանի մը ուժեղ տեսարաններու մէջ խաղալով: Սիմոն Աբգարեան մեծապէս մասնակից է հայ ժողովուրդին առնչուող մարդասիրական դատերուն: Բազմաթիւ բարեսիրական եւ հայ դատի ձեռնարկներու ու հանդիսութիւններու ընթացքին, ան եղած է յաճախակի մասնակից, հիւրընկալ եւ հաղորդավար: 2006-ի Հոկտեմբերին ան նաեւ մաս կազմած է Ֆրանսայի նախագահ Ժաք Շիրաքի հետ Հայաստան այցելող պատուիրակութեան: