
Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան
Տոքթ.Ատրինէ Գարագաշեան ծնած է 1927-ին, Լիբանանի մէջ՝ Տէր Զօրի անապատէն ճողոպրած ընտանիքի մը ծոցին: Լեւոն Շանթի Տնօրէնութեան շրջանին, շրջանաւարտ դարձած է Նշան Փալանճեան ճեմարանէն, որմէ ետք՝ բժշկական համալսարանէն: 1951-էն մինչեւ 1976, իբրեւ բժիշկ աշխատած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ Պաղեստինի մէջ բացուած հիւանդանոցին մէջ: 1976-էն ետք բացած է իր անձնական դարմանատունը, յաճախ ձրիօրէն դարմանելով օգնութեան կարօտ ընտանիքներու զաւակները, անոնց համար դառնալով բարեխնամ մայր մը:
Տոքթ. Գարագաշեան սատարած է նաեւ իր դպրոցին՝ Ճեմարանին, որուն մարզամշակութային սրահը իր անունը կը կրէ այսօր: Ան արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին՝ Համազգայինի կրթական հաստատութիւնները հետեւողական կերպով իր գուրգուրանքին առարկայ դարձուցած ըլլալուն համար:
Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Երուսաղէմի մէջ Ոսկի Մետալով պարգեւատրած է Տոքթ.Ատրինէ Գարագաշեանը՝ մանուկներու պաշտպան բժշկուհին, որ միաժամանակ հայ լեզուի պաշտպանական բանակի զինուոր մըն է: