1.- Մրցանքին կրնան մասնակցիլ 18-էն 28 տարեկան Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն հեղինակներ:

2.- Միայն չնկարահանուած եւ չհրապարակուած գործերը կրնան ընդունուիլ՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն:

3.- Գործերը պէտք է ներկայացնել թէ ելեկտրոնային եւ թէ տպուած տարբերակներով:

4.- Անհրաժեշտ է ներկայացնել նաեւ ստեղծագործութիւնն ու բեմադրական յայտարարութիւնը, որ պէտք է պարունակէ ժապաւէնի աշխատանքային անուանումը, համառօտ բովանդակութիւնը, գաղափարը, բեմադրական իրականացման ծրագիրը, գլխաւոր հերոսի/(ներու) նկարագրութիւնը: Առաւելագոյնը 5 էջ (sylfaen, 12, PDF եւ Word տարբերակներով):

5.- Իւրաքանչիւր մասնակից կրնայ հանդէս գալ միայն մէկ  դիմումով:

6.- Գումարին կէսը պիտի տրամադրուի մրցոյթին աշխատանքը ներկայացնելէ ետք, միւս կէսը՝ նկարահանման ժամկէտերը յայտարարելէ ետք:

7.- Դիմումը ներկայացնել Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հայաստանի գրասենեակ՝ Երեւան, Մաշտոց 37, 14, եւ ուղարկել ել-հասէին՝ hayastan@hamazkayin.com կամ՝ «Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի հիմնարկ», Երեւան, Ամիրեան 26, ել-հասցէ՝ annaerznkyan@yandex.ru

8.- Լաւագոյն աշխատանքները պիտի ընտրուին 7 հոգիէ բաղկացած դատական կազմի մը կողմէ:

9.- Աշխատանքները դատական կազմին պէտք է ներկայացնել ծածկագիրով, փակ ծրարներու մէջ, վերջնաժամկէտ՝ 25 Ապրիլ 2016:

10.- Արդիւնքները պիտի հրապարակուին Մայիս 2016-ի երկրորդ կիսուն:

11.- Հեղինակները պարտաւոր են 3 ամսուան ընթացքին նկարահանել 7-էն 10 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը եւ ներկայացնել դատական կազմին:

12.- Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկը ընտրուած հեղինակներուն արհեստագիտական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ:

13.- Համազգային Հայ կրթական եւ Մշակութային Միութեան հովանաւորութեամբ նկարահանուած ժապաւէնները կը հաւաքուին մէկ ժապաւէնի մէջ: