Այսօր յատուկ կերպով հաւաքուած ենք այստեղ պատուելու համար Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեանները։ Ինչո՞ւ։

Պատճառը միայն ենթականերու ատենին այս դպրոցի շինութեան համար կատարած իշխանական նուիրատուութիւնը չէ, թէեւ ազնիւ գործողութիւնը զուգադիպեցաւ ժամանակի մը, երբ հաստատութիւնը ամենէն շատ կարիքը ունէր նիւթական նեցուկներու։ Սակայն այսօր մենք կը պատուենք սիրելի Սարգիսեանները մանաւանդ անոր համար, որ Սուրէն Սարգիսեան առաջին օրէն ուղղակի մասնակից եղած է այս դպրոցի շինարարական աշխատանքներու կազմակերպման ու այդ աշխատանքները կարելի դարձնող նիւթական աղբիւրներու որոնման ապերախտ գործին։ Գործ մը՝ որ, խոստովանինք, շատ հաճելի չէ եւ միայն իր աւարտին ենթակային կ՚ընծայէ հոգեկան որոշ գոհունակութիւն։ Բայց եւ այնպէս Սուրէն Սարգիսեան այդ գործը կատարեց մեծ հաճոյքով՝ զայն պսակելով բացառիկ յաջողութեամբ։ Սուրէն Սարգիսեան սոսկ նուիրատու չեղաւ, այլ ամբողջական մասնակից այս կարեւոր գործին։

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան համար գաղտնիք մը չէ Սուրէն Սարգիսեանի տածած գուրգուրանքը հայ դպրութեան եւ մշակոյթի հանդէպ։ Մենք նաեւ գիտենք իր իւրայատուկ զգացումները մասնաւորաբար ա՛յս հաստատութեան հանդէպ եւ առ հասարակ Ֆրանսահայութեան հանդէպ հաւատալով՝ անոր առաքելութեան։ Ինչո՞ւ։

Պատճառը աւելի քան պարզ է։ Եւրոպայի մէջ գոյութիւն չունի այլեւս այս հաստատութեան նմանող ուրիշ կրթական հաստատութիւն։ Բազմաթիւ անգամներ ըսած ենք ասկէ առաջ ու պիտի չվարանինք մի՛շտ կրկնելու, թէ այս դպրոցը միայն Մարսէյի դպրոց չէ, միայն Ֆրանսայի դպրոը չէ, այլ ամբողջ Եւրոպայի՛ դպրոցն է. հայութեան համար այս դպրոցը համաեւրոպական նշանակութիւն ունի։ Եթէ չենք սխալիր, Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը ներկայիս եւրոպական ցամաքամասի վրայ միակ լման վարժարանն է, մանկապարտէզէն սկսեալ՝ մինչեւ երկրորդականի աւարտը։ Ասիկա կը նշանակէ, թէ ան եւրոպահայութեան հայկական դիմագիծի պահպանման ու զարգաման համար հիմնական կեդրոնի վերածուելու պարտաւորութիւնը ունի. այսինքն՝ ան պարտաւոր է դուրս գալ դպրոցական իր նեղ ծիրէն անդին՝ դառնալու համար մտաւորական կեդրոն, որ իր կարգին հայկական խնդիրներով զբաղող, անոնցմով ապրող ու տագնապող մտաւորականներ հասցնէ։ Մէկ խօսքով՝ ժամանակն է, որ մեր հաստատութիւնը իր հիմնադրութենէն մօտ երեսուն տարիներ ետք մտնէ իր առաքելութեան իսկական հունին մէջ։ Ոչ ոք պիտի ներէ մեզի ապագային, եթէ այս նպատակը չիրագործուի։
Իւրաքանչիւրս, Սուրէն Սարգիսեանի նման, պէտք է համակուինք հետեւեալ երազով. Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի շրջանաւարտներն ու անոնց շուրջ համախմբուած երիտասարդ ուժերը տեսնել Ֆրանսահայ եւ, ինչու չէ, եւրոպական ուրիշ հայկական գաղութներու մէջ գաղափարական ու հասարակական աշխատանքի ղեկավար դիրքերու վրայ։ Այս տեսլականին համար կ՚արժէ ամէն տեսակի զոհողութիւն։

Այս գործին համար Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որուն կ՚անդամակցի նաեւ պարոն Սուրէն Սարգիսեան, ձեր թիկունքին է։ Յաջողութիւն կը մաղթենք Ձեզի։

Մարսէյ, 21 Փետրուար 2009
Համազգայինի Ճեմարան

Մկրտիչ Մկրտիչեան