(Ա.)

Չեմ յիշեր ընկերներէն ո՞վ էր, որ տեղեկացուց ինծի, թէ ընկհ. Գեղանոյշ Եսայեան-Չաքարեան ունէր լուսանկար մը, զոր կը փափաքէր ուղարկել Հայաստան՝ ՀՅԴ թանգարանը:

Եւ ահա իր քովն եմ, հանգստեան տան իր յարկաբաժինը, կոկիկ ու ամփոփ, ճաշակով կահաւորուած, այդ ալ տեսակ մը թանգարան, ուր գեղեցիկ գեղօրներու, ձեռարուեստի արժէքաւոր նմուշներու, կտաւներու կողքին կը տեսնես նաեւ ընտանեկան լուսանկարներու շարքեր՝ ընտանիքի այս կամ այն անդամին վերաբերեալ:

Այդ ամէնը կրնային զուտ անձնական հետաքրքրութիւն մը ներկայացնել, եթէ Աչոն (ինչպէս ճանչցուած է տիկին Չաքարեան իր մտերիմներու շրջանակին մէջ) վերջին վերապրող զաւակը չըլլար Համազգայինի հիմնադիրներէն մէկուն:

Երբ կը խօսի այդ հիմնադիրներուն մասին, առաջին հերթին կը յիշուին Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, ապա Համօ Օհանջանեանը, Գասպար Իփէկեանը, սակայն կը մոռնանք, որ մշակութային դաշնակցական նկարագիրով միութիւն մը ստեղծելու Շանթին տեսիլքը տեսիլք ալ կը մնար, եթէ ան չունենար կուսակցութեան, եւ առաջին հերթին՝ Վահան Նաւասարդեանի զօրավիգը (այս վերջինին թելադրութեամբ ալ միութիւնը «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային ընկերութիւն» պիտի կնքուէր), ինչպէս նաեւ՝ գործին հաւատացող մտաւորական թէ գործարար հիմնադիր այլ ընկերներու, բարեկամներու բարոյական ու մանաւանդ նիւթական աջակցութիւնը:

Այս վերջիններուն մէջ առաջին գծի վրայ կու գայ անունը ընկ. Ստեփան Եսայեանի, որուն զաւակին հետ իր ճաշի սեղանին շուրջ հարցազրոյցի եմ նստած ահա:

Ամէնէն առաջ կþուզեմ գիտնալ, թէ ո՞վ էր Ստեփան Եսայեան: Տիկին Չաքարեան շատ սակաւախօս է, երբ հարցը կը վերաբերի իր անձին, ընտանեկան պարագաներուն:

– Հօրս մասին արդէն գրուած է, Վահան Նաւասարդեանը, Գաբրիէլ Լազեանը գրած են իր մասին իրենց յուշերուն մէջ:
– Ճիշդ է, բայց ես ձեզմէ° կþուզեմ իմանալ իր մասին,- կը պնդեմ.- ո՞ւր ծնած էր հայրիկը:
– Կերմիր [գիւղաքաղաքը, 1880-ին]« Կեսարիա. շատ երիտասարդ տարիքին եկած էր Եգիպտոս:
– Եղեռնէն առա՞ջ, թէ՞ ետքը:
– Երկու կողմէն ալ, թէ° հօրս եւ թէ° մօրս՝ Եղեռնէն առաջ եկած էին:
– Մայրիկին անունը ի՞նչ էր, անոնք ուրկէ՞ էին:
– Զապէլ Էհրամճեան, Էրզրումէն:
– Ո՞ւր ուսանած էր Ստեփան Եսայեան:
– Կեսարիա առած էր իր ուսումը:
– Յետոյ համալսարան գացա՞ծ էր:
¬ Ոչ, ինք շատ փայլուն եղած էր, ինքնաշխատութեամբ զարգացած, մարդիկ կը կարծէին, որ համալսարան գացած է: Կþըսէին, որ քիչերէն էր Եգիպտոս, որ հին լեզուն, ի՞նչ կþըսէին, գիտէր:
¬ Գրաբա՞ր:
¬ Այո°, այո°, գրաբար գիտէր:
¬ Ի՞նչ էր գործը:
¬ Մանթաշեֆ (1) մտած էր, վերջը տնօրէն ըրած էին զինք: Ընկ. Վահանը արդէն գրած է այդ մասին:

Ուրեմն նախ կը դիմեմ Գաբրիէլ Լազեանի օգնութեան, յաւելեալ տեղեկութիւն քաղելու համար ընկհ. Գեղանոյշի հօր մասին: Կը տեղեկանամ, որ 1899-ին Եսայեան արդէն Աղեքսանդրիա է, ուր իրեն ծանօթ՝ Կեսարիոյ Ս. Սարգիս վանքի նախկին վանահայր, հնչակեան Դանիէլ Վարդապետին մղումով կը ծանօթանայ դաշնակցական շրջանակին ու տարի մը ետք կը մտնէ կուսակցութեան շարքերը. 1905-ին հինգ եգիպտաբնակ երիտասարդներ կþորոշեն Երկիր երթալ եւ Սուրբ գործին նուիրուիլ: Մէկն ալ Ստեփանն է, որ ի վերջոյ 1907-ին կը յաջողի վերադառնալ իր ծննդավայրը ու կþանցնի կազմակերպական գործի: Իր եւ իրեն նման անձնազոհ երիտասարդներու աշխատանքին շնորհիւ Կեսարիոյ հայութիւնը 1909-ին կը դիմէ զինեալ պաշտպանութեան ու չþենթարկուիր Ատանայի հայութեան ճակատագրին:
«Աստիճանաբար Ստեփան կը դառնայ Եգիպտոսի մեր կազմակերպութեան սիւնը: Իր անձնական կեանքը եւս նոյն թափով կը զարգանայ, նախ կարճ ժամանակով կը մնայ Երուանդ Լալայեանի ագարակը, 1911-ին կը մտնէ Մանթաշեան հաստատութեան մէջ, որուն Գահիրէի ճիւղին տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ 1920-էն մինչեւ 1940« մինչեւ իր մահը:
Աւելի անդին Լազեան կþաւելցնէ.
«1915-1921 ինք վարեց «Յուսաբեր»ը՝ գործի մղելով աշխատակիցներ եւ խմբագիրներ: Ստեփանի ջանքերով, թերթին սեփականատէր Լալայեանցի մահէն ետք. հանգուցեալին այրին թերթը փոխանցեց Դաշնակցութեան:
«Նիւթապէս խիստ համեստ պայմաններու մէջ լոյս կը տեսնէր «Յուսաբեր»: Հայ գիրին սիրահար Ստեփան գլխաւոր աջակիցը եղաւ այդ նեղ օրերուն թերթին յարատեւութեան, եւ երբ արտասահմանէն մտաւորական նոր ուժեր եկան Եգիպտոս, Ստեփան գիտցաւ մտաւոր եւ հոգեկան կապ ստեղծել անոնց հետ, եւ ժամանակի ընթացքին Դաշնակցութիւնը իր մամուլով, եւ կազմակերպական մեքենայով պատուաւոր տեղ մը գրաւեց եգիպտահայ կեանքին մէջ» (2):
Ապա կը բանամ Վահան Նաւասարդեանի յուշերը.
«Իմ մեծագոյն յոյսը կապուած էր առաւելաբար մէկ մարդու՝

Ստեփան Եսայեանի, որ վարում էր «Մանթաշեան տան» տնօրէնի պաշտօնը: Համօն (Օհանջանեանը) գիտէի, համամիտ կը լինէր Շանթի [մշակութային մեր միութիւնը ստեղծելու] ծրագրին, սակայն նա «գործ եփել» չգիտէր. բարոյական հսկայ ուժի տէր այդ հմայիչ մարդը նման կարողութիւն չունէր: Այս ուժն ու կարողութիւնը Ստեփանը ունէր: Նա է, որ ինձ հզօր յենակ եղաւ իմ բոլոր գործերի մէջ, ու նրան ապաւինելով է, որ ես կարողացայ եգիպտահայ գաղութում որոշ աշխատանք կատարել: Առաջին իսկ օրից, 1922-ի աշնան, Պոլսից Գահիրէ գալով եղբայրացայ իրեն: Ոչ միայն ես իրեն, այլ եւ ինք՝ ինձ»:

Ստեփան Եսայեան բանալի անձը պիտի հանդիսանար Համազգայինի ստեղծման գաղափարին շուրջ համախմբելու համար այլ գործարար մարդիկ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել առաջին հիմնադրամը՝ 1000 եգիպտական ոսկիի, որով պիտի գործի անցնէին: Ահա թէ ինչպէս կը պատմէ Նաւասարդեան.
«Ունեւորների գրպանը գոց տեսնելով՝ քէն արի իրենց դէմ: Ելքը Ստեփանը գտաւ: Տրամադրութիւններս տեսնելով՝ նա «զոհ»երին իր գրասենեակը հրաւիրեց եւ խնդրեց, որ այնտեղ գնամ նաեւ ես: Մերժեցի: Ստեփանը նորից խնդրեց: Ես դարձեալ մերժեցի: Հեռախօսային այս բանակցութիւնները տարւում էին «զոհ»երի ներկայութեան: Այս վերջինները Ստեփանի միջոցով խնդրեցին, որ գնամ իրենց: Այս խնդրանքը կիսով չափ «անձնատուութեան» նշան էր արդէն, վերջապէս գնացի, դառնացած բարեւեցի եւ լուռ նստեցի: Ստեփանի գրասենեակում գտայ Համոյին, Գ. Իփէկեանին, Յակոբ Պալըքճեանին, Սարգիս Մալխասեանին, Կարապետ Մալխասեանին եւ Սեդրակ Պալըքճեանին [ըստ երեւոյթին, հոն չէր աղեքսանդրաբնակ Մինաս Խաչատուրեանը]:
«Ստեփանը յայտնեց, որ ընկերները հաւաքուած են «Համազգային»-ի հիմնադրամը մէջտեղ բերելու, խնդրելով, որ ես յայտնեմ, թէ ո°վ եւ ո°րքան պիտի վճարի: Ընդհանուր լռութեան մէջ մի երկու անգամ այս խնդրանքը կրկնուելուց յետոյ ասացի.
«Մի՞թէ յայտնի չէ՝ թէ ո°վ եւ ո°րքան պիտի վճարի. Վահան Նաւասարդեան՝ 25 ոսկի (ես ոչինչ , ոչինչ չունէի. թղթի վրայ իմ առնելիքս էր կուսակցութիւնից՝ իբրեւ գործիչ եւ խմբագիր՝ ամսական 20 ոսկի. սակայն չունէին, որ տային), Համօ Օհանջանեան՝ 30 ոսկի, Մինաս Խաչատուրեան՝ 30 ոսկի, Ստեփան Եսայեան՝ 100 ոսկի, Գասպար Իփէկեան՝ 100 ոսկի, Սեդրակ Պալըքճեան՝ 100 ոսկի, Սարգիս Մալխասեան՝ 100 ոսկի, Տրդատ Մալխասեան (Սարգսի բացակայ, բայց զոհաբերող եղբայրը)՝ 100 ոսկի, Յակոբ Պալըքճեան՝ 100 ոսկի, Կարապետ Մալխասեան՝ 100 ոսկի. 1000-ի մնացորդը կը տան մեր շարքայինները» (3):

Այս երկար բայց անհրաժեշտ ներածականէն ետք վերադառնամ լուսանկարին, որուն պատմութիւնը իմանալու համար է, որ այցի եկած եմ ընկհ. Եսայեան-Չաքարեանին:
—————————————————————————-
1) Կովկասահայ գործարար Մանթաշեանի հաստատած քարիւղի ընկերութիւնը, որ յետոյ պիտի դառնար ESSO- Imperial Oil:
2) Գաբրիէլ Լազեան, «Դէմքեր հայ ազատագրական շարժումէն», Գահիրէ, 1949:
3) Վ. Նաւասարդեան, «Համազգային»ի եւ իր ճեմարանի շուրջ», «Յուսաբեր»ի բացառիկ, նուիրուած Վ.Ն.ի յիշատակին, 1957« Գահիրէ:

(Շար.1)

ՎՐԷԺ¬ԱՐՄԷՆ