1968էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ զանազան հայահոծ շրջաններուն մէջ ծնունդ առին Համազգայինի մասնաճիւղեր:
1980ին, Ամերիկայի մէջ Շրջանային Վարչութիւն մը ստեղծելու մտադրութեամբ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը նախաձեռնեց յատուկ ժողով մը, որուն մաս կազմեցին Լոս Անճելըսի, Կլէնտէյլի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղերը:
Հիմնադիր Շրջանային Վարչութեան անդամներէն էին՝ Գուրգէն Գասապեան, Յակոբ Ինճէճիկեան, Ռիթա Որբերեան, Կարօ Պետրոսեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Ռուբինա Բագրատունի, Եդուարդ Մսրլեան, Նշան Յովսէփեան, Ժիրայր Պոյաճեան, Մարժօլէն Սասունի եւ Վարուժան Տէմիրճեան:
Մինչեւ 1995, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը գործած է տասը մասնաճիւղերով եւ երեք միաւորներով: 1995ին դադրած է Մոնթէպէլլոյի մասնաճիւղը, իսկ 2000ին՝ Պըրպանքինը:
Ներկայիս շրջանէն ներս կան հինգ մասնաճիւղեր, երեք մասնաճիւղեր ներկայացնող Միացեալ մարմին մը եւ չորս միաւորներ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի մասնաճիւղերն են.
- Լոս Անճելըսի «Յովհաննէս Շիրազ» մասնաճիւղը հիմնուած է 1968ին: Անդամներու թիւը 20 է:
Ներկայիս մասնաճիւղը կազմալոյծ վիճակի մէջ է: - Սան Ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը հիմնուած է 1974ին: Անդամներու թիւը 40 է:
Մասնաճիւղը հիմնած է «Նիկոլ Աղբալեան» թատերախումբը, որ 2001ին վերածուած է Շրջանայինի Թատերական Միաւորի:Մասնաճիւղը ունի «Նիկոլ Աղբալեան» գրադարանը, իր 300 հայերէն գիրքերով: Ունի նաեւ գրախանութ-գրատարած, ուր կը վաճառուին հայերէն գիրքեր, ձայներիզներ եւ յուշանուէրներ:
Մասնաճիւղը ունի Ռատիօժամ, որուն ծրագիրները կը պատրաստուին համազգայնականներու կողմէ: - Կլէնտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը հիմնուած է 1976ին: Անդամներու թիւը 40 է:
1999-էն ի վեր «Գուսան» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Արա Մանաշի, Լոս Անճըլըսի մասնաճիւղէն փոխադրուած է Կլէնտէյլ եւ ներկայիս կը վայելէ տեղւոյն մասնաճիւղի հովանաւորութիւնը: Երգչախումբը իր բեղուն աշխատանքով եւ տարեկան զանազան ելոյթներով մեծ նպաստ կը բերէ Համազգայինի վարկին:2006ի սկիզբը, հիմնուելով Կլէնտէյլ-Պըրպանք-Լա Քրէսէնթա շրջաններու գրեթէ կազմալոյծ վիճակէն, Շրջանային Վարչութիւնը նշանակեց երեք մասնաճիւղերու յատուկ վարչական Միացեալ Մարմին մը:
- Ֆրէզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը հիմնուած է 1981ին: Անդամներու թիւը 30 է:
- Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը հիմնուած է 1982ին: Անդամներու թիւը 60 է:
Մասնաճիւղը ունի մանկապատանեկան «Նայիրի» պարախումբը, որ ունի բեղուն աշխատանք:
Իբրեւ մասնաճիւղի միաւոր շրջանէն ներս կը գործէ «Ապագայ» երիտասարդականը, որուն միջոցով երիտասարդներ մշակոյթի զանազան մարզերէն ներս կը ցուցաբերեն իրենց ունեցած տաղանդը: - Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղը հիմնուած է 1985ին: Անդամներու թիւը 40 է:
Մասնաճիւղը ունի պատանեկան նորակազմ պարախումբ: - Լա Քրէսէնթայի «Արշիլ Կորքի» մասնաճիւղը հիմնուած է 1992ին: Անդամներու թիւը 20 է:
Ներկայիս մասնաճիւղը մաս կը կազմէ Կլէնտէյլ-Պըրպանք-Լա Քրէսէնթա Միացեալ Մարմնին: - Օրէնճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը հիմնուած է 1993ին: Անդամներու թիւը 20 է:
Մասնաճիւղը ունի «Երազ» պարախումբը: - Մոնթէպէլլոյի մասնաճիւղը հիմնուած է 1982ին եւ դադրած 1995ին:
Պըրպանքի մասնաճիւղը հիմնուած է 1992ին եւ դադրած 2000ին: Վերակազմուած է 2005ին: Ներկայիս մասնաճիւղը մաս կը կազմէ Կլէնտէյլ-Պըրպանք-Լա Քրէսէնթա Միացեալ Մարմնին: Միացեալ Մարմինը կը հաշուէ 40 անդամ:
Միաւորներ.-
Համազգայինի Արեւմտեան շրջանը ունեցած է Երաժշտական, Արուեստի, Արդի, Թատերական, Անի Պարախումբի, Հայկական Աւանդոյթներու եւ Հայկական Ժողգործիքներու միաւորները: Ցարդ Շրջանային Վարչութեան հովանիին տակ կը գործեն չորս միաւորներ՝ Երաժշտական, Արուեստ, Հայկական Աւանդոյթներ եւ Անի Պարախումբ:
Կայքէջ.- www.hamazkayin.net
Վարչութեան կեդրոնատեղին՝ ՀՅԴ ԿԿ-ի կեդրոնատեղիի Բ. յարկը- (Կլէնտէյլ- 104 N. Belmont #210)
Նամակագրութեան հասցէ.- Hamazkayin Rigional P.O.Box 4732 Glendale, CA 91222.