Մեծաթիւ հայերու հոսքը Աւստրալիա սկսած է 1963-ի սկիզբները, անոնք կը գաղթէին գլխաւորաբար Եգիպտոսէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն, աւելի ուշ՝ Պարսկաստանէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ:

Աւստրալիա հաստատուող հայութիւնը կու գար Մերձաւոր Արեւելքի այնպիսի գաղութներէ, ուր Հայ կեանքը եռուն էր ազգային, մշակութային, մարզական, խնամատարական գործունէութեամբ, հետեւաբար ան չէր կրնար բաւարարուիլ միայն եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ կազմակերպուած աշխատանքներով:

 

1963-ի Մայիսին, Սիտնիի մէջ հիմնուեցաւ Հայ Մշակութային Միութիւնը: Այս հիմնադիր ժողովէն ծնունդ առած առժամեայ վարչութիւնը, ուսումնասիրելով երկրի օրէնքները, մշակեց միութեան ծրագիր- կանոնագիրը եւ ներկայացուց անդրանիկ ընդհանուր ժողովին՝ Մայիս 1964-ին, որ զայն վաւերացուց:

 

Հետեւելով Սիտնիի օրինակին, Հայ Մշակութային Միութիւն հիմնուեցաւ նաեւ Մելպուրնի մէջ:

 

Սիտնիի եւ Մելպուրնի միութիւնները իրարմէ անկախ գործելով հանդերձ, սերտ յարաբերութեան մէջ էին իրարու, ինչպէս նաեւ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻնի կեդրոնական վարչութեան հետ: 1971էն սկսեալ, անոնք պաշտօնապէս մաս կազմեցին ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆին, որպէս առանձին միաւորներ, ըստ Համազգայինի վերամշակուած կանոնագրին:

 

1989-ին արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Հայ Ուսումնասիրաց եւ Իրանահայ Ուսումնասիրաց միութիւններու միացումով կազմուեցաւ Համազգայինի Նայիրի մասնաճիւղը: Նոյն տարին Սիտնիի արեւմտեան հայահոծ շրջանին մէջ կազմուեցաւ Սեւան մասնաճիւղը: Հետզհետէ աճեցաւ թիւը մասնաճիւղերու:

 

Չորս մասնաճիւղերու դիմումով Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութենէն արտօնութիւն ստացուեցաւ Աւստրալիան օժտելու շրջանային կառոյցով :

1989-ի Օգոստոսին տեղի ունեցած անդրանիկ շրջանային ժողովով, Աւստրալիան կը վերածուէր շրջանի, անուանուելով Աւստրալիոյ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն։

Շրջանային Վարչութեան անմիջական աշխատանքներու ծիրին մէջ կ՛իյնան՝

  1. Ամրապնդել շրջանիս չորս մասնաճիւղերու եւ երկու մասնագիտական մասնաճիւղերու յարաբերական կապերը իրեն հետ, եւ զարկ տալ անոնց աշխատանքներուն։
  2. Շարունակել հայերէն լեզուի ուսուցման ծրագրի բարելաւման ուղղութեամբ տարուած ջանքերը Համազգային Արշակ եւ ՍօՖի Գօլստըն Ճեմարանէն ներս, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Աւստրալիոյ չորս միօրեայ դպրոցներուն մէջ։
  3. Ծանօթացնել միութեանս աշխատանքները Աւստրալիոյ Հայ եւ ոչ Հայ հասարակութեան զանազան մշակութային ձեռնարկներով։
  4. Կազմակերպել Աւստրալիոյ Հայ արուեստագէտներու ցուցահանդէս, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութիւնը կրող H-PEM ծրագրի անուան տակ։
  5. Խրախուսել Աւստրալիոյ Հայ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը հայրենիքէն ներս գործող Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք Hamazkayin Youth Forum ծրագրին, որուն միջոցաւ՝ Հայ երիտասարդը հնարաւորութիւն կ՛ունենայ մօտէն ծանօթանալու հայրենիքին։

Այս ծիրէն ներս, Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը,   Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հետ համագործակցաբար, որոշած է  Աւստրալիոյ HSC հայերէն լեզուի քննութիւններուն՝ Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարանի  առաջին հադիսացող աշակերտը, Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան ծախսով ուղարկել Հայաստան, մասնակցելու Համազգայինի Ուսանողական  Մշակութային հաւաքին /ֆորումին/:

  1. Համազգայինի համաշխարհային ծրագիրները աւելի մեծ չափով քաջալերել Աւստրալիոյ մէջ, ինչպէս՝ «Բագին»ի բաժանորդագրութիւն, «Լալան ու Արան» փոքրիկներու բջիջային ծրագիրը եւ այլ ծրագիրներ:

Համազգայինի Աւստրալիոյ շրջանը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ինք հաւատարիմ է իր առաքելութեան, Համազգայինի ազգակերտ տեսլականին։

Այսօր, եթէ ակնարկ մը նետենք Աւստրալիոյ Համազգայինի գործունէութեան վրայ, պիտի նկատենք հարիւրաւոր մանուկներու, պատանիներու ու պարմանուհիներու յաճախելը Համազգայինի ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններ: Հայ Կեդրոններէ ներս կ’ուռճանայ թիւը պարախումբերու մասնակիցներուն:

Աւստրալիոյ մէջ գործող մեր մասնաճիւղերը ունին աշխոյժ աշխատանք: Անոնք գաղութին մէջ կ’իրականացնեն մշակութային ձեռնարկներ, ու կը հովանաւորեն միօրեայ դպրոցները:

 

 

Շանթ Մասնաճիւղ

Ունի 100 անդամ։ Մասնաճիւղի հովանիին տակ կը գործէ Հայկական Շարժապատկերի Փառատօնի յանձնախումբը /Armenian Film Festival /, որ Աւստրալիոյ հասարակութեան կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պատրաստուած, հայերէն եւ օտար լեզուներով հայկական ֆիլմեր:

Փառատօնը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ:

Շանթ մասնաճիւղը կը հովանաւորէ նաեւ Թարգմանչաց Շաբաթօրեայ վարժարանը, որ ունի 70 աշակերտ։

Նայիրի Մասնաճիւղ

Ունի 90 անդամ։ Նայիրիի հովանիին տակ կը գործեն Թումանեան Շաբաթօրեայ վարժարանը, որ ունի 110 աշակերտ։ Հրաշք մանկական խումբը, Նայիրի պարախումբը եւ երգչախումբը, որոնք իրենց ունեցած ելոյթներով արժանացած են բարձր գնահատանքի:

 

Սեւան Մասնաճիւղ / Արեւմտեան Սիտնի/

Ունի 45 անդամ։ Մասնաճիւղին հովանիին տակ կը գործէ Փափազեան Շաբաթօրեայ վարժարանը, որ ունի 57 աշակերտ։

Կոմիտաս Մասնաճիւղ / Մելպուրն /

Ունի 70 անդամ։ Կը հովանաւորէ Մեսրոպ Մաշտոց Մատթէոսեան Շաբաթօրեայ վարժարանը, որ ունի 80 աշակերտ։

Սասուն Մասնագիտական  Մասնաճիւղ

Հիմնուած է  2000 թուականին որպէս Համազգային Սիտնի Պարախումբ  (պարախումբի միաւոր), սակայն 2015 Ապրիլէն սկսեալ վերածուեցաւ «մասնագիտական մասնաճիւղ»ի եւ կոչուեցաւ «Սասուն Մասնագիտական Մասնաճիւղ»:

Հարկ է յիշել թէ Համազգայինի զոյգ պարախումբերը իրենց  մասնակցութիւնը բերած են Հայ եւ ոչ Հայ համայնքներու կողմէ կազմակերպուած մշակութային, հոգեւոր      եւ  բարեսիրական զանազան հանդիսութիւններու եւ փառատօներու յայտագիրներուն, ուր իրենց բարձրորակ կատարումներուն համար արժանացած են բարձր     գնահատանքի:

Նուպար Խաչատուրեան թատերական մասնագիտական մասնաճիւղ

2015 Ապրիլին,  Նուպար Խաչատուրեան թատերախումբը վերածուեցաւ «մասնագիտական մասնաճիւղ»ի եւ կոչուեցաւ «Նուպար Խաչատուրեան Մասնագիտական Մասնաճիւղ»: Թատերական ներկայացումներով մասնաճիւղը կը շարունակէ իր աշխատանքները:

 

Գրական Գեղարուեստական Յանձնախումբ

Այս Յանձնախումբը Հայ մշակութասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ գրական բարձրորակ ձեռնարկներ։

Տեղին է անդրադառնալ թէ յանձնախումբի բոլոր ձեռնարկները արժանացած են գրասէր հասարակութեան գնահատանքին։

 

Արուեստի խորհուրդ

Համազգայինի Արուեստի Խորհուրդի պարտականութիւնն է նկարչական եւ լուսանկարչական      ցուցահանդէսներ կազմակերպել:

Ուսումնական Խորհուրդ

Շրջանային Վարչութեան կողմէ նշանակուած Միօրեայ Վարժարաններու Ուսումնական Խորհուրդի պարտականութիւնն է պատրաստել Միօրեայ Վարժարաններու Հայերէնի ուսումնական ծրագիրը եւ բծախնդրօրէն հսկել անոնց գործադրութեան։

 

Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն Ճեմարան

 

Ունի 350 աշակերտ։ Համազգային Արշակ եւ Սօֆի Գօլստըն ճեմարանը Մանկապարտէզէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներու համար, երկլեզու  հայկական ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւն է: Ճեմարանը իր առաքելութեան մէջ գլխաւորաբար  զարկ կու տայ  կրթական եւ ուսումնական մակարդակներու զարգացման ու բարելաւման: Անշուշտ այդ աշխատանքը կ’իրականանայ շնորհիւ Ճեմարանէն ներս գործող արհեստավարժ եւ փորձառու ուսուցիչներու:

Մենք այսօր կը վայելենք Սիտնիի մէջ հիմնուած այս հայկական  ամէնօրեայ վարժարանը, որ 40 տարիներ շարունակ սերունդներ դաստիարակեց եւ կը շարունակէ դաստիարակել  իր հայաշունչ յարկին տակ, պատրաստելով զանոնք ըլլալու տիպար աւստրալահայ երիտասարդներ:

Ճեմարանը կը վայելէ  հայ  գաղութի զօրակցութիւնը եւ փոխադարձաբար ան գաղութին համար կը պատրաստէ աւստրալահայ օրինակելի քաղաքացիներ, որոնցմէ շատեր արդէն իսկ այսօր կը կանգնին բարձր դիրքերու վրայ համայնքային թէ քաղաքական մարզերէ ներս:

 

Վարժարաններու աշակերտութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ հայկական ազգային, մշակութային, հոգեւոր եւ  բարեսիրական բազմաթիւ եւ զանազան հանդիսութիւններու եւ փառատօններու յայտագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի ճանաչման նուիրուած արդարութեան եւ պահանջատիրական  տողանցքներուն ու ելոյթներուն։

 

Պատանի Հայագէտ Յանձնախումբ

Համազգայինի Աւստրալիոյ կառոյցը 2022 թուականէն սկսեալ իր մէջ կ՛ընդգրկէ ՊԱՏԱՆԻ ՀԱՅԱԳԷՏ յանձնախումբը։

Յանձնախումբը տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպէ Միջ-դպրոցական հարց պատասխանի խաղ մրցոյթ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սիտնիի եւ Մելպուրնի ամէնօրեայ եւ միօրեայ բոլոր վարժարանները։

Այս ծրագրին նպատակն է  համախմբել գաղութին  մէջ գործող բոլոր վարժարանները մէկ յարկի տակ, ապահովելով ընկերային առողջ մթնոլորտ, զարգացնել հայ լեզուն, ծանօթացնել հայ մշակոյթին, աւանդութիւններուն եւ ազգային բոլոր արժէքներուն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ պատմութեան ինքնազարգացման եւ դաստիարակչական հարց պատասխանի միջոցով։

Համազգային Գիտս Գլաբ

2022 թուականին Համազգային Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը յառաջացուց յանձնախումբ մը կազմակերպելու համար դպրոցական արձակուրդի յատուկ ծրագիր «Պատմութեան Օր» խորագրով։

Շրջան մը ետք տեսնելով յաջողութիւնը եւ ծնողներու պահանջը, յանձնախումբը ընդլայնելով այս աշխատանքը վերակոչուեցաւ  Համազգային Գիտս Գլաբ, իւրաքանչիւր դպրոցական արձակուրդին պատրաստելով տարբեր նիւթերով յայտագիրներ 4-12 տարեկան երեխաներու համար, որոնք կը հաւաքուին մէկտեղ լսելու եւ կարդալու Հայերէն պատմութեան գիրքեր, ծանօթանալու մեր հայկական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն, նաեւ՝ հայ մշակոյթին, երգին ու պարին։ Կը կատարեն ձեռային աշխատանքներ եւ կը խաղան հաճելի խաղեր։

Առցանց դասախօսութիւններու ծրագիր

Նախաձեռնութեամբ Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան, այս ծրագիրը մեկնարկուեցաւ 15 Մայիս 2024-ին։ Առցանց դասախօսութիւնները տեղի կ՛ունենան ամսական դրութեամբ, կը հրաւիրուին հիւր դասախօսներ որոնք ակնդիրներուն կը ներկայացնեն ազգային-մշակութային բովանդակութեամբ նիւթեր։

Այսօր խոր յարգանքով կը խոնարհինք  Համազգայինի համար  գործող անցեալի եւ ներկայի բոլոր կամաւոր համազգայնականներու յիշատակին առաջ, որոնց շնորհիւ հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու կը շարունակուի պահպանումը մեր ինքնութեան որպէս հայ, տէր կանգնելով մեր  մայրենիին, ծանօթացնելով  մեր հարուստ մշակոյթը հայ թէ օտար հասարակութեան ու նաեւ՝ խթանումը հայ մատղաշ սերունդին, որ ամուր կառչած մնայ իր  արմատներուն։