Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղը հիմնուած է 1999-ին. իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ արդէն դարձած է կիպրահայ գաղութի առաջաւոր մշակութային կազմակերպութիւնը, որուն կազմակերպած մշակութային ձեռնարկները մեծապէս կը գնահատուին կիպրահայերու մեծամասնութեան կողմէ:
Մասնաճիւղը ունի շուրջ 60 անդամ:
Ներկայիս վարչութեան կողքին կը գործէ Պարարուեստի յանձնախումբը:
Գործունէութեան առաջին իսկ օրէն կազմուեցան «Դիմակ» թատերախումբը եւ «Սիփան» պարախումբը, որ կը բաղկանայ երիտասարդական, պատանեկան եւ կրտսերներու բաժիններէ:
«Սիփան» պարախումբը կ°իրագործէ ձեռնարկներ Նիկոսիոյ եւ Սելանիկի մէջ, ինչպէս նաեւ կը մասնակցի Կիպրոսի մէջ կազմակերպուած միջազգային փառատօներու:
«Օշական» մասնաճիւղը իրագործած է գրական դասախօսութիւններ, հանդիպումներ եւ ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ՝ լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, ինչպէս՝ Արմին Վէկների ցեղասպանութեան լուսանկարներու ցուցահանդէսը: