Կիպրոսի մէջ Համազգայինի նոր շրջանի գործունէութիւնը սկսած է 1999-ին, երբ խումբ մը հաւատաւոր համազգայնականներու կողմէ հիմնուած է Նիկոսիայի «Յակոբ Օշական» Մասնաճիւղը։

Շուրջ 20 հոգիով սկսած մասնաճիւղը շուտով ծաւալած է իր գործունէութիւնը, բազմացնելով անդամներու թիւը, հիմնելով պարախումբ, թատերախումբ եւ մշակութային երեկոներով վերաշխուժացնելով հայ մշակոյթին հանդէպ սէրն ու հետաքրքրութիւնը։ Ներկայիս անդամներու թիւը 70 է։

2024-ին, 30 անդամներով Լիմասոլի մէջ կազմուած է «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը։ Նոյն տարին կազմուած է նաեւ Պարի Միաւորը, որուն ենթակայ են Նիկոսիայի «Սիփան», Պաֆոսի «Անի» եւ Լիմասոլի «Կիլիկիա» պարախումբերը։

2025-ի Յունուարին տեղի ունեցաւ շրջանի Ա․ Ներկայացուցչական Ժողովը, երկու մասնաճիւղերուն եւ Պարի Միաւորին ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ եւ ընտրուեցաւ Մեկուսի Վարչութիւն։

Նիկոսիայի մասնաճիւղը 2000-էն ի վեր ունի «Դիմակ» Թատերախումբը, իսկ 2017-ին կազմած է «Հեքիաթ» պատանեկան թատերախումբը։

Երկու մասնաճիւղերը կը կազմակերպեն նաեւ Մշակութային Երեկոներ հանրութեան ներկայացնելով հայ մշակոյթի զանազան ոլորտներու կարկառուն դէմքերը եւ անոնց գործերը։

Կիպրոսի Համազգայինը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ տեղական մշակութային կեանքին, յատկապէս զանազան քաղաքներու փառատօներուն եւ այլ ձեռնարկներուն իր պարախումբերուն մասնակցութեամբ։ Վերջին տարիներուն Կիպրոսի Համազգայինի պարախումբերը հրաւիրուած եւ ելոյթներ ունեցած են նաեւ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Յունաստան (Կոմոտինի), Պուլկարիա (Փլովտիւ) եւ Հայաստան (Երեւան, Գիւմրի), արժանապէս ներկայացնելով Համազգայինը եւ կիպրահայութիւնը։

 

13/10/2025