Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը ունի հետեւեալ մասնաճիւղերը.
ա- Ատիկէի «Սօս-Վանի» (Ատիկէ), որ կ՚ընդգրկէ Ատիկէի ամբողջ աշխարհագրական տարածքը միացուցած ըլլալով Ֆիքսի եւ Գոգինիոյ մասնաճիւղերը կը հաշուէ 80 անդամ:
բ- «Ղազարոս Սարեան» (Թեսաղոնիկէ), որ հիմնուած է 1980-ին եւ կը հաշուէ 70 անդամ: Կը պահէ երկու պարախումբեր. «Մասիս»՝ երէցներու, պարուսոյցութեամբ Ռաֆայէլ Վարդազարեանի եւ «Կիլիկիա»՝ փոքրերու, պարուսոյցութեամբ Արմենուհի Մալգումեանի։
գ- Ռոտոսի «Տիգրան-Երկաթ» (Ռոտոս) հիմնուած՝ 2016-ին, կը հաշուէ 25 անդամ։
դ- «Պարոյր Սեւակ» (Սերէս), հիմնուած՝ 2002-ին, ունի 30 անդամ:
ե-Պարի միաւոր երեք մակարդակներու պարախումբերով՝ կը հաշուէ 112 անդամ։
«Նայիրի»՝ երէցներու, պարուսոյցութեամբ էտկար էկեանի։
«Նանօր»՝ միջակներու, պարուսոյցութեամբ Աննա Բոկոսեանի։
«Մարալօ»՝ փոքրերու, պարուսոյցութեամբ Էտկար Էկեանի եւ օգնականներու՝ Արամ Պետրոսեանի եւ Աննի Արտումեանի։
Ընդհանուր պատասխանատու՝ Էտկար Էկեան։
Համազգայինը ունի հետեւեալ խումբերն ու յանձնախումբերը.
-«Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբ. բեմադրիչ՝ Յակոբ Պարսամեան։
-Նորակազմ նուագախումբ. խմբավար՝ Ստեփան Թէքիրեան։
Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը իր մասնաճիւղերով, թատերախումբով եւ պարախումբերով բեմ կը բարձրացնէ մօտ 155 անդամներ:
Email։ hamazgayingreece@gmail.com
Hamazkayin 2025