Սուրիոյ շրջանը 1987ի Յունիս 21ին օժտուած է Շրջանային Վարչութեամբ: Ան կը համադրէ ու կը ծրագրէ Սուրիոյ շրջանի Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը, կը ղեկավարէ շրջանի վեց մասնաճիւղերուն (ներկայիս հինգ), չորս միաւորներուն եւ Շրջանային յանձնախումբերուն աշխատանքը:
- «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Հալէպի մէջ 1930ին եւ կը հաշուէ 560 անդամ: Մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գործէ յանձնախումբերով ( գրական, երաժշտական, թատերական, ընկերային եւ տիկնանց: Ունի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբեր, ինչպէս նաեւ «Լ. Շանթ» թատերախումբ, «Արշիլ Կորքի» գծագրական արուեստանոց եւ «Էսդրատային» նուագախումբ ):
- «Հ.Ե.Մ.» մասնաճիւղը ունեցած է Համազգայինի հովանաւորութիւնը 1989ին. կը հաշուէ 340 անդամ: Զբաղած է մասնաւորաբար Հայ Դատի նուիրուած արաբերէն հրատարակութիւններով, ինչպէս նաեւ հայ-արաբ մշակութային փոխ յարաբերութիւններով:
- «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Լաթաքիոյ մէջ 1965ին եւ կը հաշուէ շուրջ 75 անդամ: Ունի «Գեղարդ» պարախումբ եւ «Նարեկ» երգչախումբ:
- «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Քեսապի մէջ 1988ին եւ կը հաշուէ 53 անդամ: Ունի թատերախումբ ինչպէս նաեւ «Կանթեղ» մանկապատանեկան եւ «Կիլիկիա» երիտասարդական երգչախումբեր:
- «Լ. Շանթ» մասնաճիւղը հիմնուած է Դամասկոսի մէջ 1952ին եւ կը հաշուէ 230 անդամ: Ունի «Աղթամար» երգչախումբ: Կը կազմակերպէ Սօլֆէժի, գծագրութեան եւ հայկական պարի դասընթացքներ:
- «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Գամիշլիի մէջ 1987ին եւ կը հաշուէ 90 անդամ: Ունի թատերախումբ, «Վանա» պարախումբ, «Կոմիտաս» երաժշտական դպրոց, երգչախումբ, ինչպէս նաեւ ամառնային դպրոց:
«Զաւարեան» թատերախումբը հիմնուած էր Հալէպի մէջ 1936-ին. 1988-ի Սուրիոյ Շրջանային Բ. ներկայացուցչական ժողովի որոշումով «Զաւարեան» թատերախումբը միացաւ Համազգայինին եւ դարձաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան «Զաւարեան» թատերական միաւոր, որ ստանձնեց թատերախումբի գործունէութիւնը:
Թատերախումբը մասնագէտ բեմադրիչներու գլխաւորութեամբ յաջորդաբար ներկայացուցած է հայ թէ օտար հեղինակներու գործեր:
«Զուարթնոց» երգչախումբը հիմնուած է 1969ին եւ գործած Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ:
1988-ի Սուրիոյ Շրջանային Բ. ներկայացուցչական ժողովի որոշումով «Զուարթնոց» երգչախումբը ունեցաւ Համազգայինի հովանաւորութիւնը եւ դարձաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի միաւոր, ունենալով հայ եւ օտար երաժիշտներու զանազան ժանրերու բարձր որակի երգչախմբային կատարումներ:
«Հայագիտական Հիմնարկի»ի միաւորը հիմնուած է 1996ին: Հիմնարկը կը գործէ քառամեայ դրութեամբ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս, շաբաթական 5 օր տեւողութեամբ ուսուցանելով՝ հայ լեզուի, գրականութեան եւ մանկավարժութեան առնչուած նիւթեր, տեղական եւ հայրենիքէն հրաւիրուած վկայեալ դասախօսներու կողմէ: Հայագիտական Հիմնարկը ունի շուրջ 35 ուսանող: Շրջանաւարտները կը պաշտօնավարեն հայկական վարժարաններէ ներս իբրեւ ուսուցիչ, կամ ազգային կառոյցներէ ներս՝ իբրեւ գործավար:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը հիմնուած է 1986ին: Դպրոցը կը գործէր Հ.Ե.Մ.ի անմիջական հովանաւորութեան տակ մինչեւ 1997:
1997-ի Սուրիոյ Շրջանային Թ. ներկայացուցչական ժողովի որոշումով «Բ. Կանաչեան» Երժշտ. դպրոցը դարձաւ Համազգայինի միաւոր, որ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Ազգ. Սահակեան Վրժ.էն ներս, դրսեւորելով նորահաս սերունդին երաժշտական շնորհներու ծաղկումը:
Դպրոցը ունի շուրջ 350 աշակերտ: Կ°ուսուցանուին երաժշտական զանազան գործիքներ, ինչպէս նաեւ ձայնամարզութիւն եւ Սօլֆէժ: Միաւորը ունի նաեւ «Սենեկային» նուագախումբ եւ քանոնահարներու խմբակ, որոնք հանդէս կու գան Հալէպի եւ շրջաններուն մէջ:
Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, շնորհիւ երկրին ընձեռած համախումբ ապրելու կարելիութեան եւ անդամներու հետաքրքրութեան, ունի շօշափելի թիւ եւ բեղուն գործունէութիւն: