Սուրիոյ շրջանը 1987-ի Յունիս 21-ին օժտուած է Շրջանային Վարչութեամբ: Ան կը համադրէ ու կը ծրագրէ Սուրիոյ շրջանի Համազգայինի մշակութային գործունէութիւնը, կը ղեկավարէ շրջանի հինգ մասնաճիւղերուն, չորս միաւորներուն եւ Շրջանային յանձնախումբերուն աշխատանքը:
- «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Հալէպի մէջ 1930-ին եւ կը հաշուէ 313 անդամ: Մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գործէ յանձնախումբերով (գրական, երաժշտական, ընկերային եւ տիկնանց: Ունի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբեր, «Արշիլ Կորքի» գծագրական արուեստանոց եւ «Էսդրատային» նուագախումբ):
- «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Լաթաքիոյ մէջ 1965-ին եւ կը հաշուէ շուրջ 75 անդամ: Ունի «Գեղարդ» պարախումբ եւ «Նարեկ» երգչախումբ:
- «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Քեսապի մէջ 1988-ին եւ կը հաշուէ 80 անդամ: Ունի թատերախումբ ինչպէս նաեւ «Կանթեղ» մանկապատանեկան եւ «Կիլիկիա» երիտասարդական երգչախումբեր:
- «Լ. Շանթ» մասնաճիւղը հիմնուած է Դամասկոսի մէջ 1952-ին եւ կը հաշուէ 102 անդամ:
- «Աւետիս Ահարոնեան» մասնաճիւղը հիմնուած է Գամիշլիի մէջ 1987-ին եւ կը հաշուէ 73 անդամ: Ունի «Վանայ» պարախումբ, «Կոմիտաս» երաժշտական դպրոց, ինչպէս նաեւ ամառնային դպրոց:
«Լեւոն Շանթ» Թատերական միաւոր
«Լեւոն Շանթ» թատերախումբը հիմնուած էր Հալէպի մէջ 1936-ին, մաս կազմելով «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին: 2006-ին կը միանայ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան «Զաւարեան» թատերախումբին եւ կը դառնայ Թատերական միաւոր: 2019-ին, Սուրիոյ Շրջանի 22-րդ ներկայացուցչական ժողովին կը կոչուի «Լեւոն Շանթ» Թատերական միաւոր:
Թատերախումբը երբեմն տեղացի երբրեմն ալ օտար մասնագէտ բեմադրիչներու գլխաւորութեամբ յաջորդաբար ներկայացուցած է հայ եւ օտար հեղինակներու գործեր:
«Զուարթնոց» երգչախմբային միաւոր
«Զուարթնոց» երգչախումբը հիմնուած է 1969-ին եւ գործած Բերիոյ Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ:
1988-ի Սուրիոյ Շրջանային Բ. ներկայացուցչական ժողովի որոշումով «Զուարթնոց» երգչախումբը ստացաւ Համազգայինի հովանաւորութիւնը եւ դարձաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի միաւոր, ունենալով հայ եւ օտար երաժիշտներու զանազան ժանրերու բարձր որակի երգչախմբային կատարումներ:
«Հայագիտական Հիմնարկ» միաւոր
«Հայագիտական Հիմնարկ» միաւորը հիմնուած է 1996-ին: Հիմնարկը կը գործէ քառամեայ դրութեամբ Համազգային Մշակութային Կեդրոնէն ներս, շաբաթական 5 օրերու դրութեամբ ուսուցանելով՝ հայերէնագիտական նիւթեր, տեղացի վկայեալ դասախօսներու կողմէ: Հայագիտական Հիմնարկը ունի մասնակի թէ լիաժամ ուսանողներ: Շրջանաւարտները կը պաշտօնավարեն հայկական վարժարաններէ ներս իբրեւ ուսուցիչ, կամ ազգային կառոյցներէ ներս՝ իբրեւ գործավար:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը հիմնուած է 1986-ին: Դպրոցը կը գործէր Հ.Ե.Մ.ի անմիջական հովանաւորութեան տակ մինչեւ 1997:
1997-ի Սուրիոյ Շրջանային Թ. ներկայացուցչական ժողովի որոշումով «Բ. Կանաչեան» Երժշտ. դպրոցը դարձաւ Համազգայինի միաւոր, որ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Ազգ. Միացեալ Վարժարանէն ներս, դրսեւորելով նորահաս սերունդին երաժշտական շնորհներու ծաղկումը:
Դպրոցը ունի շուրջ 90 աշակերտ: Կ’ուսուցանուին երաժշտական զանազան գործիքներ, ինչպէս նաեւ՝ ձայնամարզութիւն եւ Սօլֆէժ: Միաւորը ունի նաեւ «Սենեկային» նուագախումբ:
Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, շնորհիւ երկրին ընձեռած համախումբ ապրելու կարելիութեան եւ անդամներու հետաքրքրութեան, ունի պատկառելի թիւ եւ բեղուն գործունէութիւն:
