Համազգայինը մինչեւ այսօր յամառօրէն կառչած կը մնայ Հայաստանի մտաւորականութեան անդամները իրենց որակաւոր աշխատանքին եւ հայկական մշակոյթին իրենց բերած ներդրումին համար մեծարելու պարտաւորութենէն ինքզինք զերծ պահելու  սկզբունքին: Այս պարագան խորքին մէջ համեստութեան արտայայտութիւն է. երբ գոյութիւն ունին պետական հաստատութիւններ, նախարարութիւններ եւ մասնագիտական կառոյցներ, որոնք այս մարզէն ներս  օրէնքով ստանձնած են այդ պարտականութիւնը, տէր են համապատասխան միջոցներուն, ունին կատարուող աշխատանքները մասնագիտօրէն գնահատելու կարելիութիւնն ու կարողութիւնը, ապա աւելորդ կը դառնայ Համազգայինի նման հասարակական, առհասարակ ոչ անպայման արհեստավարժ միութիւններու կողմէ այս աշխատանքը նոյնպէս կենսագործելու յաւակնութեան գործնական դրսեւորումը. մանաւանդ՝ երբ միութիւնը իր հիմնադրութեան օրերուն որդեգրած ծրագրով իսկ կոչուած է հայերէնն ու հայկական մշակոյթը բացառաբար սփիւռքեան տարածքներուն վրայ պահպանելու եւ տարածելու:

            Բայց եւ այնպէս կան մտաւորականներ, որոնց աշխատանքին մէկ մասը գոնէ արդիւնաւորուած է Սփիւռքի մէջ, կամ նպաստած՝ Համազգայինի Հայաստանի մէջ հաստատման, երբ տասնամեակներու պարտադիր բացակայութենէ ետք, նախորդ դարու 90ական թուականներուն անոր համար եւս ստեղծուեցան հայրենիքի մէջ գործել կարենալու պայմանները: Այդ օրերէն ի վեր Համազգայինը կը խաղայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ մշակութային եւ կրթական փոխանակումներու  կամուրջի դերը: Համազգայինի հայրենիք մուտքը կազմակերպողներէն մէկը հանդիսացաւ այդ ժամանակներուն իսկ հանրածանօթ ինքնատիպ բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան: 

Ռազմիկ Դաւոյեանը, համազգայնական ընկեր Ռազմիկ Դաւոյեանը ճանչցած եմ մասնաւորաբար իր մէկ գործէն՝ «Թորոս Ռոսլին» կինովիպակէն, որ ատենին, 1984ին, իբրեւ հատոր լոյս տեսաւ  Նիւ Եորքի մէջ. այս խօսքին մէջ կատարուած բոլոր մէջբերումները այդ հատորէն են:

Հատորը ազգային ու մարդկային խնդիրներու լուծման համար պատգամներու հիմնական շտեմարան մըն է. ան կը վերաբերի Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան՝ Փոքր Հայաստանի մէջ ստեղծագործած նշանաւոր մանրանկարիչին՝ Թորոս Ռոսլինի ժամանակակից խնդիրներուն: Բնականաբար՝ ան   պատկերն է հեղինակին՝ անոր լաւագոյն յատկանիշներուն, անոր տեսլականին ու կեանքի փիլիսոփայութեան անշէջ ու յաւիտենականութեան ձգտող վկայարանը: Ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ.

«Հայաստանն այսքանը չէ: Սա միայն Կիլիկեան Հայաստանն է: Մեծ Հայաստանը պէտք է ազատագրել եւ միաւորել, որպէսզի իրաւունք ունենանք մեր նախնիների փառքի շարունակողները կոչուելու» (էջ 148): Իսկ ատկէ առաջ արդէն ներկայացուած էր այս հարցի ընդհանուր տարազումը՝ «Ահա այդ է ամէն ինչի մեծագոյն ձգտումը՝ ամբողջանալ» (էջ 59): Ահաւասիկ քանի մը պարզ նախադասութիւներու մէջ՝ հայութեան յետզարթօնքեան շրջանի դեռ անաւարտ ազատագրական պայքարի վախճանական հանգուցալուծումը, իրականութիւն դառնալու կոչուած երազը, երանելի ազգահաւաքի աշխարհագրութիւնը: Բնաւ զարմանալի չէ ուրեմն, որ Ռազմիկ Դաւոյեան իր հայեացքները ինքնաբերաբար ուղղած ըլլայ դէպի Համազգային, որուն հաւատամքի հիմնաքարերէն է ամբողջական հայրենիքի գաղափարը, պատմական հայրենիքին մէջ հայկական պետականութիւնը կրկին ծաղկեցնելու ծրագիրը:

Հատորի եւ հեղինակի պատգամած ազգային գաղափարախօսութեան կողքին գործին մէջ պակաս չեն նաեւ քաղաքական գործնական աշխատանքի ցուցմունքները, ինչպէս՝  «… պէտք է իրար հսկեն մարդիկ, հայր Թորոս, հասկանո՞ւմ ես … պէտք է հետեւին ու մատնեն իրար, որ կառավարելը հեշտ լինի …. կամ՝ «Այս աշխարհում միակ յաւերժականը մարդկային ստրկութիւնն է» (էջ 26). նաեւ՝ բոլոր ժամանակներու հասարակութիւններու յատուկ կացութիւններու մէջ յայտնուող իրականութիւններ՝ «… այսօրուայ իշխանը կարող է վաղը ստրուկ դառնալ.» (էջ 95). իսկ ատիկա յաճախ ադիւնք է նկարագրային ախտաւոր թերութիւններու՝  «կրքերի ամենաախտաւորը՝ փառասիրութիւնը» (էջ 31), կը մտածէ Թորոս Ռոսլին: Այս մատնանշումներու ակնբախ օրինակները մեզմէ շատ հեռու չեն ո՛չ ժամանակային, ոչ ալ աշխարհագրական իմաստով. երէկ ու այսօր եւ ընդամէնը քանի մը փողոց անդին:

Այսպէս «Թորոս Ռոսլին»ի ընթերցման ընթացքին մարդ ինքզինք կը զգայ ի՛ր ապրած ժամանակին մէջ: Այդտեղ կան յատկապէս հիմնականօրէն հայկական նկարագրի գիծեր, ինչպէս՝  «… հայերն այսպիսին են, ի՞նչ անենք. ամէն մէկն իրեն թագաւոր է երեւակայում, բայց հենց թագը դնում ես գլխին, լալիս ու ողբում է բերան ծանրութիւնից»  (էջ 151-152). դեռ մօտաւոր անցեալին էր, բոլորս վարչապետ դարձանք. բայց ատկէ լաւ բան դուրս չեկաւ: Սակայն միաժամանակ՝  «… այս բանը լաւ լսիր, հայր Թորոս, մենք չենք կրնար լրիւ մաքուր լինել, քանի դեռ նրանք կեղտոտ են … Մենք չենք կարող նրանց ուղարկել ահեղ դատաստանի եւ ինքներս հանգիստ խղճով ապրել դրախտում»: (էջ 88). քաղաքական բուռն պայքարի, բայց միաժամանակ՝ համակեցութեան  առաջնորդող առողջ գործելակերպի կոչ:

Այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, թէ Ռազմիկ Դաւոյեան հասարակական գործիչ է: Անկասկած՝ ան ունի այդ ապերախտ զբաղումի բոլոր կարողութիւններն ու կարելիութիւնները եւ ունեցա՛ծ է հասարակական գործունէութիւն: Բայց ան ամէն բանէ աւելի՝ մանաւանդ բանաստեղծ է, ինչպէս անոր հրատարակած բանաստեղծական բազմաթիւ հատորներու կողքին, ցոյց կու տայ իր «Թորոս Ռոսլին»ի հետեւեալ տողը՝

 «… գեղեցկութիւն կոչուածը ինքն էլ երկատուած է. մի մասը մարդու մէջ է, միւսը բնութեան» (էջ 58):

Ահա այս երկու կէսերու յարաբերակցութեան տեսակին մէջն է անհատի մը ինքնութեան էութիւնը. գեղեցիկը այս երկու կէսերուն անհատի մէջ ներդաշնակ ու համերաշխ գոյակցութեան հրաշալի արդիւնքն է:

Ամէն ինչ ցոյց կու տայ, որ այդ ներդաշնակութիւնը ամուր կերպով յաջողա՛ծ է Ռազմիկ Դաւոյեանի հոգիին մէջ: Բանաստեղծի եւ հասարակական գործիչի առհասարակ հակոտնեայ տիպարները իր մօտ զիրար կը լրացնեն կազմելով այն, ինչ որ հրապարակաւ կը պարզուի մեր առջեւ՝ արժանանալով մեր բոլորի գնահատանքին:

Իր ստացած պետական ու այլ բազմաթիւ շքանշաններու կողքին պարտականութիւնը ունիմ այսօր Ռազմիկ Դաւոյեանին Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան կողմէ փոխանցելու Համազգայինի շքանշանը եւս: Իրեն կը փոխանցեմ նաեւ Կեդրոնական վարչութեան եւ ամբողջ Համազգայինի երախտագիտութեան զգացումները եւ 80-րդ տարեդարձի առիթով՝ յարատեւ առողջութեան մաղթանքները:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան, 18 դեկտեմբեր 2020