Նահատակներու պատգամը

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի կազմակերպութեամբ այսօր տեղի կ’ունենայ անոր առաջարկով պատրաստուած՝ երիտասարդներու գրական գործերու ծաղկաքաղի շնորհահանդէսը: Հատորը կը կրէ  «Հնչող ձայներ»  անդրշիրիմեան հնչեղութիւն ունեցող վերնագիրը: Երիտասարդ գրողներէն տասը՝ Վարդան Ամալեանը, Արտակ Բարսեղեանը, Շիրակ Գասպարեանը, Աւետիք Կարճիկեանը, Տիգրան Յարութիւնեանը, Արէն Յովհաննիսեանը, Հայասէր Յովսէփեանը, Վաչագան Մանուկեանը, Սուրէն Մելիքբեկեանը եւ Շանթ Նաւոյեանը իրենց չապրուած երիտասարդ տարիները հայրենիքին նուիրաբերեցին անցած սեպտեմբերի 27ին Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած մեզի համար աղէտալի հետեւանքներ ունեցող պատերազմի ընթացքին: Միայն մէկը՝ Կոմիտաս Յակոբեանը նոյն հայրենիքի ազատագրման եւ պաշտպանութեան համար Արցախի առաջին պատերազմի ընթացքին նահատակուած սերունդի ներկայացուցիչն է հատորէն ներս:

            Այս հատորի խմբագիրը Դոկտոր Փրոֆեսոր Դաւիթ Գասպարեանն է: Ան մեր գրասենեակի կողմէ իրեն կատարուած համապատասխան առաջարկը ընդունեց անմիջապէս եւ առանց առարկութեան: Անոր կատարած մասնագիտական աշխատանքը ահաւասիկ ձեր տրամադրութեան տակ կը դրուի այսօր: Համազգայինը իր հրապարակային շնորհակալութիւնը կը յայտնէ պարոն Դ. Գասպարեանին ո՛չ միայն իր կատարած աշխատանքին համար, այլ նաեւ անոր համար, որ հատորին մէջ նորը պատուաստած է հինով` պահպանելով ներկան անցեալին կապելու իմաստուն մտածելաձեւը, որ կ’ապահովէ երկարաժամկէտ միասնական ապագան: Այդ ձեւի փոխանցումը, ըստ մեզի, ունի յատուկ խորհուրդ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ յատուկ ճիգ կայ մեր օրերուն հայկական հաւաքականութիւնը մասնատելու՝ այս կամ այն ընդդիմադիրն ու ընդհանրապէս տարբեր մտածողութեան տէր խմբաւորումներն ու անհատները տարբեր պիտակաւորումներով կնքելով: Այս իմաստով, անկախ ներկայացուած հատորի պարունակութեան հեղինակներու անվիճելի սրբութենէն, Երեւանի մեր գրասենեակի այս նախաձեռնութիւնն ու պարոն Դ. Գասպարեանի աշխատանքը լրիւ կը համապատասխանեն Համազգայինի էութեան. հատորի հրատարակութիւնը այդ ոգիի գործնական դրսեւորումներէն մէկն է:

            Այստեղ չենք ուզեր խօսիլ նահատակութեան իմաստին մասին, որ այնքա՜ն երկար ժամանակ ու մշտապէս նիւթ դարձած է հայկական իրականութենէն ներս՝ հանրածանօթ պատճառներով: Նահատակութեան հանդէպ հայ հասարակութեան յարգանքն ու ակնածանքը միշտ առկայ եղած է. ատիկա երբեք ցուցական չէ եղած, կեղծ չէ եղած, գործնապաշտ չէ եղած: Ինչքան անանձնական, վեհ ու հասարակութեան համար փրկարար եղած ըլլայ նահատակութիւնը, այնքան ուժեղ եղած է հասարակութեան դրական հակազդեցութիւնը. այդպէս է, որովհետեւ անհատի նահատակութիւնը կեանքը պաշտպանելու ու պահպանելու գաղափարական ծայրայեղ գործողութիւն է, որուն կատարումը հասարակութեան համար կենսական ձեռքբերում մը կը նպատակադրէ:

            Անշուշտ՝ նահատակութեան որեւէ ոգեկոչում ուրախութիւն ու ցնծութիւն արտայայտելու առիթ չէ, նոյնիսկ՝ երբ գերագոյն զոհողութեամբ նուաճուած ձեռքբերումը գերագոյն արժէք մը ըլլայ: Այդպիսի օրեր գիտակից ինքնամփոփման, խորհրդածութեան ու հաղորդութեան առիթներ են: Նահատակութիւնը իր բաղձալի ձեռքբերումներու կողքին ունի իր առարկայական ու ենթակայական տխուր հետեւանքները: Նահատակութեան պատճառած ցաւը հարկաւ ազգի գիտակցութիւնը մարմնաւորող կառոյցներու, հաստատութիւններու, կազմակերպութիւններու մենաշնորհը չէ, այլ առաջին հերթին՝ նահատակի անմիջական շրջանակին. ընկերները, բարեկամները, ազգականները, հարազատները, ընտանիքները, ծնողքը՝ հայրն ու մայրը. մանաւանդ մայրը՝ որ կեա՛նք նուիրած է կամաւոր նահատակին: Նահատակներու մայրերու ցաւը բարոյական այն պատուանդանն է, որուն վրայ կը հանգչի ազատագրուած ոգեկան հայրենիքի յուշարձանը: Հպարտութիւն՝ հիմնուած կորուստի վրայ՝ կորուստի պատճառած ցաւը որոշ չափով տանելի դարձնելու բանալի:

            Կարդացէք այսօր հանրային սեփականութիւն դարձող մեր նահատակ տղոց էջերը, որոնք վստահօրէն նման են բազմահազար լուսահոգի իրենց սերնդակիցներու   զգացումներուն: Այդտեղ կը գտնէք կեանքի հանդէպ իրենց վերաբերումը, կեանքի սէր եւ անոր դժուարութիւնները դիմակայելու պատրաստակամութիւն. մօր հանդէպ բացառիկ սիրոյ բացառիկ արտայայտութիւններ. փիլիսոփայական մտածումներ կեանքի եւ մահուան յարաբերութեան մասին. բայց մանաւանդ՝ բացառիկ սէր հայրենիքի հանդէպ, որ անոր պաշտպանութեան սիրոյն զիրենք կրնար առաջնորդել ծայրագոյն զոհողութեան: Հրապարակուած հատորի խմբագիրը նախատեսելով ընթերցողի հակազդեցութիւնը, անոր թարգմանը հանդիսացած է մէջբերելով Յովհաննէս Թումանեանը՝ «ինչքա՜ն ծաղիկ պիտի բուսնէր, որ չբուսաւ էս հողին»: 

            Ամէն հայրենիք յաճախ գործօն պաշտպանութեան պէտք ունի, երբ մանաւանդ կը գտնուի անբարենպաստ պայմաններու մէջ. ասիկա բնութեան հիմնական օրէնքներէն մէկն է. ինքնապահպանութեան սկզբունք՝ որ կ’երաշխաւորէ տեսակի գոյութեան շարունակականութիւնը: Անհատի պարագային այդ սկզբունքի կիրարկումը յստակ է. ֆիզիքական սեփական կեանքի պաշտպանութիւնն է: Հաւաքականութեան մը պարագային՝ ֆիզիքականի վրայ կ’աւելնայ յատկանիշներու ամբողջութիւն մը, որուն կու տանք ընդհանրական անուն մը՝ մշակոյթ: Մշակոյթը հաւաքականութեան մը ինքնութիւնը յատկանշող ամենէն ցայտուն ստորոգելին է:

            Մեր տղաքը մեր հողերը նուաճողներուն յարձակումներուն դէմ զոհուեցան հայ ազգի, հայկական հասարակութեան ֆիզիքական ապահովութեան եւ մշակոյթի պահպանման համար: Իրենց ընկալումներուն մէջ անշուշտ դեր խաղացած է իրենց կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը: Արդ՝ մեր ներկայ պայմաններուն մէջ կրթական համակարգ եւ կրթական ծրագիր տարատեսակ փոփոխութիւններու ենթարկուելու վրայ են, որոնք կը խոստանան լուրջ վերիվայրումներու առաջնորդել. անոնք լրջօրէն կրնան պակսեցնել մեր ոգեկան պաշտպանութեան կարողականութիւնը: Հարցը չի վերաբերիր տեւապէս անհրաժեշտ՝ նիւթի եւ մեթոտի արդիականացման. պարտադրուող փոփոխութիւնները այնքան խորքային են, որ կը սպառնան, երկար ժամանակի վրայ, հայրենիքի անվտանգութեան: Երկրի դրական, անվտանգ ու բարեկեցիկ ապագան կրթական ոլորտի առողջ պահպանման ու զարգացման մէջ կը կայանայ:      

Պատմութիւնը բարեացակամ չէ եղած հայութեան հանդէպ: Աշխարհագրութեան պարտադրած պայմանները յաճախ ժխտական դեր խաղացած են, սակայն պէտք է համոզուիլ, որ վերջիվերջոյ, ինչպէս անհատի պարագային, հաւաքականութեան պարագային նոյնպէս կը տիրէ նոյն օրէնքը. անհատ թէ հաւաքականութիւն իրե՛նք կը կրեն հիմնական պատասխանատուութիւնը  իրենց լաւ, թէ՝ վատ ճակատագրին: Երկրի ճակատագիրը կարելի չէ վստահիլ անգրագէտներու: Այս գիտակցութիւնը արմատ պէտք է նետէ միտքերուն մէջ քաջ գիտնալով, որ մտածելու այս ձեւը ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հակադրութիւն չ’ենթադրեր, այլ՝ ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու միջոց է: Առանց պաշտպանութեան միջոցներու ժողովրդավար վարչակարգը դիւրաւ կրնայ վերածուիլ անտանելի, անպայման մեզ աւելի մեծ աղէտի առաջնորդող բռնատիրութեան:

Ինչքան ալ զարմանալի թուի, ներկայացուած այս գաղափարները թաքնուած են եղերաբախտ մեր երիտասարդ նահատակներու գրութիւններուն մէջ. այդտեղ կը տեսնենք, թէ ինչպէս պատահական դէպք մը կրնայ առաջնորդել ահաւոր կացութիւններու. «Հնչող ձայներ»ը լսելի են: Այդպիսի վիճակներու առաջքը պէ՛տք է կարենալ առնել: Արթնութիւնը հասարակական կեանքի առողջ պահպանման մէջ կենսական անհրաժեշտութիւն է. հասարակութիւնը դուրս պէտք է գայ իր խորունկ թմբիրէն:

Այս հատորի հրատարակութիւնը խունկի քուլայ մըն է միայն մեր նահատակներու շիրիմներուն վրայ: Անոնք արժանի են շատ աւելիին: Իրենց փոխանցած պատգամները կրնան մեզ իմաստուն դարձնել:

Յարգանք անոնց անթառամ յիշատակին:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Երեւան, 21 մայիս 2021