Սիրելի՛ ընկեր Անդրանիկ,

Մենք դեռ չէինք սթափած ու հողին չէինք յանձնած համազգայնական մեր երէց ընկերներէն` Սուրէն Սարգիսեանին անշնչացած մարմինը, երբ, ահա, դուն ալ դարձար յաւերժի ճամբորդ:

Այժմ հաւաքուած ենք դագաղիդ շուրջ ու զարմանքով կը մտմտանք, թէ  բազմաբեղուն բովանդակ կեանքիդ մէջ ինչպէ՞ս հասցուցիր այսքան աւանդ ունենալ, այսքան սիրուած ու յարգուած ըլլալ ու մանաւանդ` այդպիսին մնալ: Ինչպէ՞ս հասցուցիր այսքան մարզերու մէջ մնայուն ու արգասաբեր գործունէութիւն ծաւալել ու նկատառելի արդիւնքի հասնիլ:

Դաշնակցականի  կազմակերպական հեւքոտ կեանքիդ , ապա նաեւ, քաղաքապետի վազքիդ առընթեր, եղար հաւատաւոր ու ժրաջան համազգայնական: Առաջատար դերակատարութիւն ունեցար լիբանանահայ համայնքի ընկերային ու կազմակերպական կեանքին մէջ: Արմատներուն մօտ եղար ԱՖԷՏ-ին, ԱՖՀԻԼ-ին, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ու լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներու թոհուբոհին` դուրս չելար ԼՕԽ-ի կեդրոնէն, հասնելով ամէն վիրաւորի ու կարիքաւորի: Անտարբեր չմնացիր Արցախեան շարժման ու անոր կարիքներուն նկատմամբ եւ մաս կազմեցիր Արցախի բարօրութեան ու զարգացման միտող լիբանանահայ ԱՌԻ կազմակերպութեան: Բծախնդրօրէն հետեւեցար ԱՐԻՆ կեդրոնի շինարարութեան ու միշտ եղար հո՛ն, ուր պարտականութիւնն ու ծառայութիւնը կանչեցին քեզ:

Այս բոլորին մէջ առանցքային տեղ վերապահեցիր համազգայնականի գործունէութեանդ: 95-ամեայ Համազգայինի շուրջ կէս դարու պատմութեան մաս կազմեցիր: Այդ տարիներուն բազմաթիւ ու բազմապիսի նախաձեռնութիւններ ընդելուզուած են նաեւ քո՛ւ կեանքիդ հետ: Կազմակերպական աշխատանքներէ մինչեւ  պետական մարմիններու  հետ յարաբերական ոլորտներ,  բարգաւաճման ծրագիրներէ մինչեւ միութեան տնտեսական գործառնութիւն` նաեւ քու կնիքդ կը կրեն:

Կրտսեր հիմնադիրներէն մէկը եղար Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին ու, ընկերներուդ վկայութեամբ` անոր ամէնէն գործունեայ անդամներէն մէկը: Աւելի ուշ, համազգայնականի ծառայութիւնդ երկար տարիներ շարունակեցիր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային իրերայաջորդ վարչութեանց ու հուսկ ապա, տասներկու տարիներ, անոր գերագոյն մարմնին` Կեդրոնական վարչութեան իբրեւ անդամ:

Համազգայինի մէջ երկար տարիներ ծառայեցիր «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան խնամակալ մարմնի իբրեւ ատենապետ:

Մնայուն ու ակնառու ներկայութիւն եղար լիբանանահայ գաղութի ձեռնարկներուն, մշակութային ելոյթներուն` յատկապէս: Սիրեցի՛ր մեր գեղարուեստի մանկական, պատանեկան թէ երիտասարդական խումբերը անխտիր, ու որպէս քաղաքապետ թէ համազգայնական, ո՛չ միայն  չբացակայեցար անոնց ելոյթներէն, այլ նաեւ, սատարեցիր անոնց յաջողութեան:

Այս բոլորը կատարեցիր լուռ, զուսպ, համեստ, պարկեշտ ու ծառայասէր նկարագիրով: Լռակեացութիւնը յատուկ արժանիք եղաւ քեզի համար: Գիտցար քիչ ու կշռադատուած խօսիլ: Սակայն չխօսկան բնաւորութիւնդ ու լռութիւնդ շատ աւելի խօսուն ու հեղինակաւոր եղան:

Եղար ԳՈՐԾԻ մարդ: Ապրեցար հեզ, խաղաղ ու հաշտարար` ցուցամոլ փառասիրութիւններէ զերծ ու հեռու: Տագնապներդ, հարենակարօտ բոլոր հոգիներու տագնապներուն նման, եղան ընդհանրական ու համայնական: Ապրեցար կեանք մը, ուր ամբողջութեամբ հայութիւն ու հայկականութիւն կը բաբախէր: Սփիւռքահայու օրինակելի տիպար մը եղար ու այդպիսին կը մնաս մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Շատերու կեանքին պէս անհայրենիք` բովանդակ կեանքդ ապրեցար ու կռուեցար ազգային արժէքներու պահպանման համար: Այժմ, երբ կ՛անցնիս յաւիտենականութեան, բանաստեղծին այս բառերը որք՛ան կը պատշաճին քեզի. «Կռուէ՛ նաեւ մահէդ ետք, հողիդ համար կորուսեալ, ու հողին դէմ այս օտար»:

Խաղաղ հանգչի հոգիդ, սիրելի՛ ընկեր: Կը բաժնուիս մեզմէ, սակայն վաստակդ նաեւ անոր համար է, որ երկրաւոր աշխարհէն մեկնած ամէն վաստակաւորի յիշատակի առկայծումին հետ, յիշատակդ ալ  պայծառանայ ամէն անգամ, երբ երկրագունդի այս կամ այն ափէն, մեր աշխարհատարած կառոյցի միաւորի մը կրթական թէ մշակութային իրագործում մը արձագանգէ:

Հիւանդութիւնդ ինքզինք պարտադրելու սկսած էր, երբ կը պատրաստուէինք մեկնարկը ազդարարել Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին: Այս առիթով, վաստակաւոր համազգայնականներ պիտի պարգեւատրուէին մեր մէկ ու միակ շքանշանով: Անոնց մէջ անվերապահօրէն դուն ալ պիտի ըլլայիր: Գիտնալով հանդերձ, որ մեզի համար դժուար պիտի ըլլայ քեզ համոզել շքանշան ստանալ, խումբ մը համազգայնականներով այցելեցինք քեզի: Մեզի համար ո՛չ թէ դժուար, այլ` անկարելի եղաւ համոզել քեզ: Վաստակեալ միւս ընկերներուդ պէս, դուն ալ մերժելով մերժեցիր պարգեւատրուիլ` պատճառաբանելով, որ քու նուիրումդ` Համազգայինին ու հայութեան նկատմամբ, անշահախնդիր է ու շքանշան չ՛ընդունիր: Այդ մէկը լաւ գիտէինք: Սակայն շուրջդ հաւաքուած ու քեզ համոզել փորձող ընկերներով գիտէինք նաեւ, որ խորքին մէջ քեզի տրուող այդ շքանշանը ո՛չ թէ քեզի համար պիտանի էր, այլ իբրեւ օրինակ` նորահաս սերունդին: Անդրդրուելի մնացիր: Հիմա, երբ շուտով ֆիզիքապէս պիտի բաժնուինք իրարմէ, կենդանութեանդ գիտցած ըլլալով, որ պիտի չընդունէիր որեւէ շքադրում`  յետ մահու ալ չենք կրնար շքադրել քեզ: Սակայն, այժմ, սիրելի՛ ընկեր Անդրանիկ, յուղարկաւորութենէդ առաջ, կրկին անգամ խոնարհելով դագաղիդ առջեւ, խոր ակնածանքով լի արցունքախառն ժպիտով մը կ՛ընդգծենք պարզ ու զուարթ տրամաբանութիւն մը, որ ի նպաստ մեզի կ՛ըսէ` ընկե՛ր Անդօ, եթէ շքանշանը մերժեր ես, ուրեմն, արժանացե՛ր ես, որ մերժեր ես…