Սիրելի Սարգիսեան ընտանիք, յարգելի սգակիրներ.

 

Համազգայինի մեծ ընտանիքը մղոններ անդին Լիբանանի մէջ, ժամեր առաջ հողին յանձնեց այլ նուիրեալ ընկերոջ մը՝ միութեանս Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամներէն Անդրանիկ Մսըրլեանի անշնչացած մարմինը։ 

 

Այսօր, Թորոնթոյի մէջ հրաժեշտ կու տանք համազգայնական մեր աւագ ընկերոջ, հաւատաւոր հայուն, մեծ բարերարին եւ ազնիւ մարդուն` ընկ. Սուրէն Սարգիսեանի, որուն խոհեմ ու զուսպ արտայայտութիւնները մեծապէս տպաւորած են զիս։  

Խոհուն եւ հեռատես էր իր միտքերուն մէջ, համեստ ու լուսադէմ՝ իր յարաբերութիւններուն մէջ։

 

Երբ պահ մը մտածենք Սուրէն Սարգիսեանի անձին եւ միութենականի կերպարին մասին Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» բանաստեղծութենէն հետեւեալ տողերը կը հնչեն մեր ականջին՝ «Գործն է անմահ լաւ իմացէք որ խօսւում է դարէ դար, երնէկ նրան որ իր գործով կ՚ապրի յաւերժ անդադար»։

 

Գործին հաւատացողն էր ընկ. Սուրէն. եւ իր վաստակը այդ ցոյց կու տայ։

 

Սուրէն Սարգիսեան եղած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ 2006-2014 թուականներուն, 8 տարի շարունակ։

 

Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին ի նպաստ՝ Սարգիսեան եղբայրները իրենց ծնողներուն յիշատակին հաստատած են «Մկրտիչ եւ Ազնիւ  Սարգիսեան» հիմնադրամը։

 

Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանի շինութեան հանգանակիչ մարմնի ատենապետ եւ հիմնադիր անդամ եղած էր հանգուցեալ ընկեր Սուրէնը։

 

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի համակարգիչներու սրահը հիմնուած է տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեանի բարերարութեամբ։

 

Շօշափելի ներդրում ունեցաւ Համազգայինի հրատարակչական աշխատանքներուն եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահի աշխոյժ գործունէութեան մէջ։

 

Լիովին համոզուած ըլլալով եւ էապէս հաւատալով Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (ֆորումի) նպատակին կարեւորութեան, ան հետեւողական կերպով իր ներդրումը ունեցաւ, տարիներ շարունակ սատարելով Հաւաքին յաջողութեան։ Մեր ընկերները կը վկայեն, որ Համազգայինի առաքելութեան համահունչ նոր ծրագիրներու իրագործման համար հանգուցեալ ընկեր Սուրէն միշտ պատրաստ էր իր ներուժը դնելու։

 

Համազգայինի ծրագիրներուն ջատագովն էր եւ իր անվերապահ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերած էր, հաւատալով հայկական մշակոյթին եւ կրթութեան կարեւորութեան՝ յատկապէս նորահաս սերունդին դաստիարակութեան մէջ։

Ան հաւատաց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան առաքելութեան եւ անոր կարեւորութեան։ Իր բազմաթիւ իշխանական եւ ինքնաբուխ նուիրատուութիւններով սատար հանդիսացաւ հայ կրթութեան եւ մշակոյթին փոխանցման եւ տարածման: 2019 Փետրուարին ընկ. Սուրէն Սարգիսեան արժանացաւ Համազգայինի շքանշանին։

 

Մեր աւագ ընկերը այսօր խաղաղ կը ննջէ, վստահ՝ որ իր աշխատանքը պիտի շարունակուի,  իր հարթած ուղիէն պիտի անցնին նոր սերունդներ, որոնք իրենց կարգին պիտի կատարեն նոր իրագործումներ եւ ճամբայ հարթեն յաջորդներուն, ի շահ հայկական մշակոյթի ծաղկումին։

 

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ ընկեր Սուրէն. վարձքդ կատար, յարգա՜նք քու վաստակիդ։

 

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք տիկին Սոնիային, զաւակներուն եւ համայն Սարգիսեան գերդաստանին։