Այս հանդէսը Ճեմարանի շրջանաւարտ դառնալու սեմին հասած  այս ճեմարանական երիտասարդներուն տօնն է: Հետեւաբար՝ նաեւ Ճեմարանի՛ տօնն է, որ կը կրկնուի ամէն տարի: Այս խօսքը ուղղուած է  յատկապէս  այս տարուայ շրջանաւարտներուն  եւ իրենց միջոցով  բոլոր ճեմարանականներուն: Տեսակ մը մենախօսութիւն՝  ”մենք՝ մեզի”, ինչպէս կ’ըսենք:

 

Քարոզչութիւն կատարելու համար չէ, որ հաւաքուած ենք այստեղ: Այս հաստատութեան քարոզչութիւնը երբեք չէ կատարուած բեմերէն, մամուլով կամ լրատուական այլ միջոցներու օգտագործումով: Ճեմարանի քարոզչութիւնը կատարուած է միշտ իր աշակերտներու ձեռք բերած արդիւնքով հայկական եւ ոչ-հայկական զոյգ միջավայրերուն մէջ. կատարուած է անոր շրջանաւարտներու արձանագրած փայլուն յաջողութիւններով. անոնց ներկայութեամբ մեր ազգային կեանքէն ներս: Կատարուած է աշակերտներու ծնողներո՛ւն կողմէ: Կատարուած է ու կը կատարուի յատկապէս անոր գաղափարական յստակութեամբ եւ մանկավարժական ինքնուրոյն՝  ժամանակի ընթացքին հետ զարգացող, սակայն հիմնականին մէջ անփոփոխ դրոյթներով ու սկզբունքներով: Ճեմարանի ղեկավարութիւնը միշտ ալ մերժած է քարոզչական ընթացիկ միջոցներու դիմելով իր ունեցած յաջողութիւնները իբրեւ խայծ ներկայացնել հայ ծնողքին: Ճեմարանը երբեք չէ ունեցած մարքեթինկի քաղաքականութիւն. իսկ եթէ ապագային ալ պիտի պահէ իր ինքնուրոյն նկարագիրը՝ Ճեմարանը երբե՛ք պիտի չորդեգրէ այդպիսի մարտավարութիւն: Ճեմարանը եւ իր տուած ուսումը, կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը ծախու ապրանքի կարելի չէ վերածել. որովհետեւ այստեղ տակաւին աներեր հաւատքը կայ, որ մարդկային անհատական ու կազմակերպ կեանքի հիմնական արժէքները կը շարունակեն մնալ նոյները. որ արդի համաշխարհայնացման ու շուկայացման այս մաշեցնող ժամանակաշրջանին Կրթական Հաստատութիւնը միշտ այն միջավայրն է, ուր պիտի զարգանայ վաղուայ Փոփոխութեան տեսլականը՝ մանկական ու պատանեկան թարմ միտքերուն մէջ. ուր ուղեղներուն մէջ պիտի դարբնուի ապագայ՝ հայկական ու համամարդկային բարելաւուած կեանքի մը գոյառումի  անհրաժեշտութեան գաղափարը. ուր պատանիին պիտի տրուի ամենէն արդիական զէնքերու օգտագործումով իր անձը եւ իր հաաւաքականութիւնը ծունկի բերել փորձող բոլոր անհատական ու հաւաքական այլ ուժերուն դէմ պայքարելու վճռակամութիւնը:

 

            Քարոզչական խօսք չէ, ուրեմն, այս խօսքը. սակայն յաւակնութիւնը ունինք մտածելու, թէ կը խօսինք Ճեմարանի վեթերան դառնալու կենսընթացին վերջին հանգրուանին հասնող մեր ընկերներէն շատերու  փորձառութեան վկայութեան մասին՝ զայն ձեր սեփականութիւնը դարձնելու նպատակով. կը խօսինք  նաեւ առհասարակ հայ կեանքը յուզող որոշ  հարցեր կրկին լուսարձակի տակ առնելու համար. կը խօսինք կրկին վտանգի ահազանգ հնչեցնելու համար: Որովհետեւ մեր հանրութիւնը, յատկապէս վերջին քսանամեակի ընթացքին, հետեւողական կերպով կ’ենթարկուի ապակողմնորոշումի. հետեւողական  ճիգ կայ հանրութիւնը հեռացնելու իր հիմնական արժէքներէն. հետեւողական  ճիգ կայ հանրութիւնը հեռու պահելու իր ազգային կեանքէն՝ անկախ սփիւռքեան կեանքի արդէն իսկ քանդիչ էութենէն: Հետեւողական  ճիգ կայ հայ հասարակութիւնը հեռու պահելու իր ազգային կուսակցութիւններէն. հետեւողական ճիգ կայ հայ մանուկը հեռու պահելու կրթական իր հարազատ միջավայրէն՝ հայկական վարժարանէն:

 

            Ո՞վ է այս ժխտական ճիգը թափողը: Մեր առօրեային մէջ այն տպաւորութիւնը կ’ունենանք, որ այդ ”չարագործը”  մեր դրացին է, մեր դասընկերն է, մեր ընկերն է, մեր նախկին ընկերն է, մեր հակառակորդն է, մեր մրցակիցն է, մեր կուսակիցն է, մեր պաշտօնակիցն է, մեր ստորադասն է, մեր ղեկավարն է. … բոլորն են: Հիւանդութիւնը համատարած կը թուի ըլլալ. բայց ասոնք, մեր անմիջական շրջապատին մէջ եղողները, եթէ կան, առհասարակ անգիտակցաբար զոհերու վերածուածներն են: Հարցը այն չէ, որ մեր իրականութենէն ներս բամբասանք կայ. բամբասանք միշտ եղած է՝ մեր յիշողութեան մինչեւ ծայրագոյն սահմանը: Հարցը այն չէ, որ հանրութիւնը ազատ ժամանակի մարզատեսակի վերածած է անտեղի ամբաստանութիւնը, պարսաւանքը, անստոյգ տեղեկութիւններու կայծակնային արագութեամբ սփռումը, կէս իրականութիւններու վրայ հիմնուելով   ժխտական եզրակացութիւններու յանգիլը. այս բոլորը առաւել կամ նուազ չափով տեղի ունեցա՛ծ են հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին: Միակ եւ հիմնական տարբերութիւնը այն է սակայն, որ ժամանակին այս կամ նոյնանման երեւոյթները կը մնային լուսանցքի վրայ եւ հանրային կեանքին վրայ անոնց ազդեցութիւնը նկատառելի արդիւնքի մը չէր հասներ: Այսօր սակայն այդ երեւոյթները, համացանցային հաղորդակցութեան արագութեան պատճառով,  աւեր կը գործեն, որովհետեւ մինչեւ հակազդեցութեան մը դիմուիլը ոճիրը արդէն գործուած է: Վերջ ի վերջոյ հայկական համախումբ կեանքը քանդել ուզողներու գոյութիւնը գաղտնիք մը չէ. հասցէներն ալ ծանօթ են. բնականաբար՝ անոնք հայկական  չեն կրնար ըլլալ, սակայն ի վիճակի են հայկական շրջանակներէ ներս գործելու:  Կարեւոր է  նշել, որ անոնց վրայ աւելցած է այն՝ ինչ որ սովորութիւն դարձած է Մեծ Եղբայր կոչել. մարդկային կեանքի միօրինականացման ջատագովները. ազգային ու էթնիք՝ թուական իմաստով տկար մշակոյթներու գիշատիչները. ”դրամը ամէն բանէ վեր”  նորագոյն ֆաշիստական լոզունգի հետեւորդները: Ահա ասո՛նք են, որ սկսած են յաջողութիւն արձանագրել մեր կեանքէն ներս. կը քանդեն ոչ միայն կառոյցը. կը փորձեն քանդել հիմքը. կը քանդեն դպրոցը. որովհետեւ դպրոցը հիմքն է. նոյնքան՝ որքան եկեղեցին, եթէ ոչ աւելի՛ կարեւոր հիմք: Հարկ է զգաստանալ, մանաւանդ երբ անստոյգ տեղեկութիւններ ու ”բացայայտումներ”  ծնունդ կ’առնեն անանուն կամ կեղծանուն կայքէջերու անարիօրէն անպատասխանատու աղբիւրներէ:

            Ի դէպ այս կացութիւնը միայն հայութեան յատուկ չէ. բոլոր այս կամ այն տեսանկիւնէ տկար ժողովուրդներու պարագան նոյնն է: Ներկայ ժամանակներու յատուկ վիճակ է: Ընդհանուր քաղաքակրթական վիճակ է: Կը քակուին կազմակերպ կառոյցները, ո՛չ անպայման նպատակային կերպով, այլ իբրեւ արդիւնք համաշխարհային նոր դրութեան: Խնդիրը առաւելաբար համակարգային է՝ համաշխարհային չափերու հասած:

 

            Ճեմարանի մասին պիտի խօսէի, բայց արդէն հասայ շատ հեռուները. սակայն ոչ այնքան հեռու, որքան երեւութապէս կը թուի: Որովհետեւ բաւական երկար ատենէ մը ի վեր հայ դպրոցն ալ վնաս կը կրէ այդ մթնոլորտին պատճառով: Ճեմարանը նոյնպէս: Հայ աշակերտը՝ ընդհանրապէս: Մեր բոլորին  ”ուխտավայրը”,  ”յաղթական բերդը”, ”հայ դպրութեան ջահակիրը”  սակայն կարելի չէ ծունկի բերել. ոչ իսկ տեղէն նուազագոյն չափով շարժել: Ան այդպիսի յարձակումները կը դիմագրաւէ պաղարիւնութեամբ. աւելին, ինչպէս միշտ, ինքնավստահութիւն մատնող լայն ու լայնախոհ ժպիտով: Ինքնավստահութիւն՝ որ կու գայ իր անցեալի ու ներկայի յաջողութիւններէն, իր շրջանաւարտներու գուրգուրանքէն ու հպարտութենէն, լաւէն դէպի լաւագոյնը հասնելու իր տեւական ձգտումէն եւ, անկասկած, իր հոյակապ հիմնադիրներու եւ անոնց յաջորդող ղեկավարներու պարտադրած բարոյական սկզբունքներէն. աշխատանքի քանակական յաւելումի  ու որակական բարձրացման  շարունակաբար գործադրուող որոշումէն:

 

Եւ երթը կը շարունակուի նորանոր բարձունքներ նուաճելու վճռակամութեամբ: Անպայմա՛ն:

 

Պէտք է ընդունիլ անշուշտ, որ կրթական ասպարէզը վերոյիշեալ երեւոյթներու պատճառով  ընդհանրապէս  մխրճուած է տագնապի մը մէջ, որ մեր հայեցողութեամբ նոյնպէս հետեւանք է հաղորդակցական միջոցներու աննախընթաց արագացման եւ զանգուածային տարածման: Առանց երկար վերլուծումներու հաստատենք, որ այդ պատճառով դժուարացած է կրթական մշակի եւ ուսուցիչի աշխատանքը: Եթէ ժամանակին ծնողքի եւ ուսուցիչի գործակցութեամբ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն համերաշխաբար կ’իրականացուէին, այսօր վիճակը արմատապէս փոխուած է. համացանցը լուրջ մրցակից է, իսկ համացանցը շահախնդիր է. ան կրթութենէ եւ դաստիարակութենէ աւելի շահագրգռուած է իր եկամուտով: Համացանցին համար երեխայի եւ պատանիի զարգացումը կ’իյնայ առհասարակ երկրորդական մակարդակի վրայ: Ի հարկ է՝ համացանցը պատանիին համար գիտելիքներու անսպառ շտեմարան է. միաժամանակ սակայն ան լարուած ու ամէն վայրկեան բանելու կազմ ու պատրաստ հրապուրիչ ծուղակներու ոստայն է: Ուսուցիչին եւ ծնողքի զգօնութիւնը տեւապէս փորձութեան կ’ենթարկուի: Ուսուցչական ասպարէզը  դժուարացած ըլլալով  նորէ՛ն սկսած է անհրապոյր դառնալ. այս անգամ՝ ո՛չ միայն նիւթական պատճառներով: Անգամ մը եւս կը վկայենք, որ ուսուցչական ասպարէզը կոչումի ոլորտին պատկանող ասպարէզ մըն է: Այս տեսակէտէն Ճեմարանը կը շարունակէ մնալ իր յանձնառութիւններու տէրը:

 

Մեր տնօրէնը, պարոն Տիգրան Ճինպաշեանը, գրեթէ իր ամբողջ կեանքը նուիրաբերած է կրթութեան ասպարէզին. եթէ կարճ ատեն մը հեռու մնաց այս միջավայրէն, ատիկա պատահած է հակառակ իր կամքին: Սկսելով Ճեմարանի մէջ ուսուցչական պաշտօնավարութեամբ, ան գործուղուած է Քուէյթ ստանձնելու համար տեղւոյն  Ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը: Լիբանան վերադարձէն ետք  հրաւիրուած է Ճեմարան իբրեւ Տնօրէն խորհուրդի անդամ, իսկ տնօրէն Հրաչ Տասնապետեանի մահէն ետք նշանակուած է Գործադիր տնօրէն, ապա՝ Տնօրէն: Վստահ ենք, որ Տիգրան Ճինապաշեան իր պաշտօնական պաշտօնավարութեան աւարտէն ետքն ալ,  անքակտելի կապերով կապուած պիտի մնայ այս հաստատութեան. այս դպրո՛ցն է բարեբախտաբար բոլո՛ր ճեմարանականներու հոգեմտաւոր տարածքի կեդրոնական մասը գրաւող առարկան: Մանաւանդ անոնց համար, որոնք, Տիգրան Ճինպաշեանի պէս, այս կամ այն ձեւով իրենց անմիջական կապը այս հաստատութեան հետ շարունակած են՝ իրենց աշակերտական ժամանակաշրջանէն ետք ալ:

 

Այսօր Ճեմարանը կ’անցնի նոր հանգրուանի մը: Սերնդափոխութեան ժամ է՝ պահակագունդի փոփոխութիւն: Գործադրելով  Համազգայինի կանոնագրի բոլոր տրամադրութիւնները Կեդրոնական Վարչութիւնը յաջորդ դպրոցական տարեշրջանին համար դպրոցի տնօրէնութիւնը կը վստահի Տիկին Փաուլա Գէորգեան-Եղիայեանին:

 

Տիկին Եղիայեանի պաշտօնավարութեան սկզբնական շրջանին իրեն պիտի օժանդակէ Կեդրոնական վարչութեան կրթական խորհուրդը, բաղկացած՝  Մկրտիչ Եափուճեանէ, Վաչէ Փափազեանէ եւ Մկրտիչ Մկրտիչեանէ:

 

Տիկին Փաուլան ամբողջական ճեմարանական է: Իր դպրոցական տարիները ամբողջութեամբ անցուցած է Ճեմարանէն ներս: Ճեմարանը աւարտելէ եւ իր բարձրագոյն ուսման առաջին վկայականը ստանալէ ետք ի՛ր դպրոցէն ներս սկսած է իր ուսուցչական ասպարէզը  գրեթէ երկու տասնամեակ առաջ՝ արժանանալով տնօրէնութեան գնահատանքին:  Վստահ ենք, որ ինչպէս նախորդ տնօրէնին, նո՛ր տնօրէնի պաշտօնավարութեան ընթացքին ալ մեր հաստատութիւնը պիտի արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:  Մանաւանդ, որ աշխարհացրիւ բոլոր ճեմարանականներու իրենց մայր հաստատութեան վերաբերմամբ տածած անկաշառ գուրգուրանքը յաջողութեան հիմնական երաշխիքներէն մէկը պիտի հանդիսանայ կրկին՝ ապահովաբար: 

Շնորհակալութիւն բոլորիդ:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Ճեմարան,  29  յունիս  2016