Յարգելի եւ սիրելի ներկաներ,

            Առանց յապաղումի ձեզի անմիջապէս փոխանցեմ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան  ողջոյններն ու ամենէն ազնիւ զգացումները: Ուրախ ենք, որ այսօր կը գտնուինք այստեղ առիթը ունենալով մեր համակրանքը յայտնելու  ներկաներուն, անոնց հարազատներուն, պատանիներուն, երիտասարդներուն եւ անխտիր բոլորին:

            Ուրախ ենք մանաւանդ, որ այստեղ կը գտնուինք բոլորս բացումը կատարելու Համօ Օհանջանեանի անունը կրող մասնաշէնքին՝ Համազգայինի գլխաւոր հիմնադիրներէն մէկուն ծննդավայրին մէջ իսկ: Համօ Օհանջանեանի կեանքը արդէն ինքնին հրապուրիչ դասագիրք է նոր սերունդներուն համար: Իր վաղ երիտասարդութեան տարիքին ան արդէն ինքզինք նուիրաբերած էր հասարակական գործին. վճռած ըլլալով բժշկութիւն ուսանիլ՝ անոր ուսման ընթացքը արգելակուեցաւ իր հասարակական գործունէութեան պատճառով: Ան կանուխէն ունեցաւ ազգային-յեղափոխական բեղուն գործունէութիւն: Հայութեան հանդէպ իրագործուող անարդարութիւններուն դէմ իր տարած պայքարին պատճառով ան բանտարկուեցաւ ու աքսորուեցաւ Սիբերիա, ուրկէ վերադարձաւ միայն 1915 չարաբաստիկ տարին. իր ասպարէզին բերումով՝ նուիրուեցաւ գաղթականներու ցաւերը ամոքելու գործին: Իսկ 1918ի գարնան կենաց ու մահու կռիւներու ընթացքին մասնակցեցաւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին. նոյն կռիւի ընթացքին նահատակուեցաւ իր աւագ որդին: Եղած է բարեխիղճ եւ միաժամանակ ուժական ազգային-քաղաքական գործիչ: Վարած է մէկէ աւելի պետական եւ կուսակցական պաշտօններ: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք մաս կազմած է խաղաղութեան համաժողովին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան, եղած է արտաքին գործոց նախարար, եղած է վարչապետ: Եղած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ անոր ներկայացուցիչը: 1928ի մայիս 28ին ուրիշներու հետ միասին հիմնած է Հայ Կրթական եւ Մշակութային ընկերութիւնը, որ հետագային անուանուեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն: Հայ քաղաքական-հասարակական դասը հպարտ պէտք է զգայ իր շարքերուն մէջ Համօ Օհանջանեանի նման գործիչ ունեցած ըլլալուն համար:   

            Այս է պատճառը, որ մենք եւս հպարտ ենք, որ առիթը տրուեցաւ մեզի մեր նպաստը բերելու իր անունը կրող մշակութային այս կեդրոնի ամբողջացման մէջ: Վստահ ենք, որ այս կեդրոնը կարեւոր դեր պիտի խաղայ շրջանի երիտասարդութեան պատրաստութեան մէջ՝ իբրեւ հայ, իբրեւ երկրի քաղաքացի եւ առհասարակ իբրեւ մարդ անհատ: Իբրեւ հայ՝ այս երեքի միջեւ որեւէ հակասութիւն չկայ: Անկարելի է չըլլալ երեքէն մէկը եւ ըլլալ միւս երկուքը: Փաստը աշխարհացրիւ սփիւռքեան գաղութներու մէջ մեր հայրենակիցներն են, որոնք յարգուած են անխտիր բոլորին կողմէ՝ ճիշդ որովհետեւ միաժամանակ կ’ամբողջացնեն այս երեք պայմանները: Ինքնութեան խորունկ գիտակցութիւնը, պատկանելիութեան զգացումը եւ միաժամանակ անձնական կեանքի մէջ յաջողութեան ձգտումը առողջ կը պահեն հասարակական բոլոր օղակները. անհատը, ընտանիքը, համայնքը, ազգն ու պետութիւնը: 

            Երիտասարական այս կեդրոնին վիճակուած է պահպանել, տարածել ու զարգացնել մշակոյթը.  իր ամենէն ընդհանրական իմաստով՝ կրթական օճախ մըն է ասիկա ամբողջ հասարակութեան համար: Վայր մըն է, ուր կրնան պատրաստուիլ ու ծիլեր արձակել վաղուան զանազան տեսակի մշակները. Յովհաննէս Քաջազնունիի նման, Ռուբէն Տէր Մինասեանի նման, Ռուբէն Դարբինեանի նման, Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաջանեանի նման, Յակոբ Մանանդեանի նման, Ստեփանոս Մալխասեանցի նման, Դերենիկ Դեմիրճեանի նման, Վահան Տէրեանի նման, Վարդգէս Սուրէնեանցի նման, Յակոբ Կոճոյեանի նման, Վահրամ Գայֆէճեանի նման, Աշուղ Ճիվանիի նման, Գուսան Հաւասիի նման, Լուսինէ Զաքարեանի նման եւ վերջապէս՝ Համօ Օհանջանեանի պէս ազնուական մարդու նման. բոլո՛րն ալ Ջաւախքի հողերու ծնունդ: Վիճակներ կան, որոնք այսպիսի մարդոց պատրաստութեան համար շատ աւելի նպաստաւոր են, քան՝ բնականօրէն նպաստաւոր կարծուող սովորական բոլոր վիճակները. այդպիսի՛ն էր վիճակը Համօ Օհանջանեանի եւ իր ժամանակակիցներու ատեն:

            Բնութեան հիմնական սկզբունքն ու օրէնքը ինքնապահպանումն է: Ան անզսպելի է. անհատի՝ ինչպէս ոեւէ հաւաքականութեան համար: Թէ՛ արդար պատերազմներու, թէ ալ խաղաղութեան ձգտումի նպատակը կեանքի պահպանումն է: Իսկ մշակոյթը եւ անոր յարատեւման նպաստող կրթութիւնը հաւաքականութեան մը պահպանման համար ամենէն ուժեղ զէնքերէն մէկն է: Մեզ, հայերս, յաճախ պահեր է, ի հարկ է, բազուկը. բայց երկար ժամանակ պահեր ու պահպաներ են մանաւանդ ուղեղն ու ճաշակը՝ ազգային աւանդութիւնը. դպրոցը, արուեստը, գիրն ու գրականութիւնը. ժողովրդային տունե՛րը:

            Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՕՄի Ջաւախքի Օժանդակութեան Ծրագրերու Յանձնախումբին, որ մեզի առիթը ընծայեց մեր համեստ նպաստը բերելու Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի նման նպատակասլաց հաստատութեան մը յաւելեալ կայացման:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Ախալքալաք, 18 յունիս 2016