Համազգայինի 95-ամեակին առիթով, ինչպէս նախորդ գրութիւններով լուսարձակի տակ բերինք Համազգային գործունէութեան բազմաբնոյթ աշխատանքները, միութեան աշխատանքային ծիրին ընդհանուր բնութագրումը եւ ամբողջական պատկերը կը կազմուի` յատուկ անդրադարձ կատարելով Համազգայինի պարի եւ երգչախումբի միաւորներու գործունէութեանց:

Սփիւռքահայ մշակութային կեանքին կարեւոր երակներէն եղած են պարախումբերն ու երգչախումբերը: Իւրաքանչիւր գաղութ իր չափով եւ կարողութիւններով յառաջացուցած է պարախումբեր ու երգչախումբեր, որոնք տարիներ շարունակ սերունդներ պատրաստած են, հայ մշակոյթին ու արուեստին հետ սերտ կապեր ունեցած են` գաղութներուն մէջ մշակութային կեանքը կենդանի ու աշխուժ պահելով, երբեմն ալ տարբեր գաղութներու մէջ պարի դպրոցներ հիմնելով:

Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս, Եգիպտոս, Յունաստան, Իրան, Ֆրանսա, Քանատա եւ Ամերիկաներ` Համազգայինի հովանաւորութեամբ գործող վերանշեալ միաւորները ոչ միայն մշակութային աշխատանք տարած են, այլ նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն զօրակցած են` հայ մշակոյթ ու արուեստ տարածելով:

Կարգ մը գաղութներ բախտաւորութիւն ունեցած են երկար տարիներու վրայ թատերախումբ, պարախումբ եւ երգչախումբ ունենալու: Ուրիշներ` կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը:

Փաստօրէն Համազգայինի շուրջ համախմբուած տղաք Բարսեղ Կանաչեանի շունչով մեծցած Գէորգ Գանտահարեանով, Յարութիւն Թոփիկեանով, Երուանդ Երկանեանով, Պարգեւ Թասլաքեանով եւ Գօգօ Ալոզեանով հարիւրաւոր տղաք աշխարհի չորս կողմ տարածուեցան, եւ իւրաքանչիւրը իր կարգին տեղ մը սատարեց հայ մշակոյթի այս մարզի տարածման` հայկական վարժարաններու, եկեղեցիներու դպրաց դասերու, միութեան հովանիին տակ գործող երգչախումբի կամ պարախումբի, ինչպէս նաեւ անհատական բազում նախաձեռնութիւններով:

Տակաւին 90-ական թուականներու վերջաւորութեան մանկապատանեկան երգչախումբերու կազմութիւններն ալ իրենց դերը ունեցան, գլխաւորաբար` Ալեքսան Մնակեանի, Վաչէ Պարսումեանի եւ Զաքար Քէշիշեանի կողմէ յառաջացած:

Պարախումբերու կարգին իր տեղն ու դերը ունեցած «Քնար» պարախումբը հիմնուած է 1956-ին` տէր եւ տիկին տոքթ. Վարդգէս եւ Էկլանթին Աբրահամեաններու գլխաւորութեամբ: Տասնեակ տարիներու ընթացքին պարախումբը ունեցած է տասնեակ պարուսոյցներ եւ իր շուրջ համախմբած է քանի մը տասնեակ տղաք ու աղջիկներ: 1994-ին հիմնուած է «Գայեանէ» պարի դպրոցը, եւ կարելի է ըսել, որ Գարինա Ալեքսանտրեանի, Ֆելիքս Յարութիւնեանի, Յովիկ Խաչիկեանի եւ Կարէն Մակինեանի ճիգերով սերունդներ պատրաստուած են, կերտուած են այնպիսի սերունդներ, որոնք իրենց կարգին, իբրեւ մարդուժ, հասած ու գործած են բոլոր գաղութներուն մէջ:

Համազգայինի երգչախումբերն ու պարախումբերը Հայաստանի անկախութենէն ետք մնայուն ներկայութիւն եղած են «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօներուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Կիպրոսի, Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Ֆրանսայի մէջ տարբեր փառատօներու իրենց մասնակցութիւնը բերած են:

Փաստօրէն Համազգայինի համար, իբրեւ աշխատանքի կարեւոր մարզ, երգչախումբերն ու պարախումբերը ազդեցիկ դեր ունեցած են եւ կը շարունակեն ունենալ գաղութներու դիմագիծի իմաստով:

Հակառակ դժուար պայմաններուն` տնտեսական, քաղաքական, համաճարակի եւ մարդուժի, տակաւին Համազգայինը կը փորձէ պահել ու պահպանել վերոնշեալ երկու մարզերը:

Յաջորդը` Համազգայինի մարտահրաւէրները:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ