Համազգայինի առաքելութեան կարեւոր օղակներէն մէկը եղաւ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ստեղծումը:

Տարիներու վրայ շրջանաւարտներու կատարած ու ստանձնած պարտականութիւնները լաւագոյն փաստն են առաքելութեան յաջողութեան:

Հալէպէն, Պէյրութէն մինչեւ Եգիպտոս, Սիտնի, Մոնրէալ, Լոս Անճելոս, Ֆրանսա, Կիպրոս, Յունաստան եւ Իրան տարբեր գաղութներու մէջ կրթական, խմբագրական, վարչական, հասարակական թէ կուսակցական աշխատանքներու մէջ Հայագիտականի շրջանաւարտները իրենց դերը ունեցան եւ ունին տակաւին:

Համազգայինի ճեմարանի յարկին տակ 1976-էն սկսեալ տարբեր գաղութներէ երիտասարդներու կազմաւորումը, հայագիտական նիւթերով զինուիլը, գաղափարական իմաստով տոկուն մնալը ամբողջութեամբ կը պարտինք հայագիտական հիմնարկին:

1980-էն սկսեալ Հայագիտական հիմնարկի քառամեայ կրթական ծրագիրը, դասախօսական կազմը, տնօրէնն ու վաստակաւոր պատասխանատուները ոչ մէկ բան խնայեցին, որպէսզի հիմնարկը տայ իր լաւագոյնը, շարունակէ այն առաքելութիւնը, որուն համար ստեղծուած է:

Ընկեր Երուանդ Փամպուքեանին տնօրէնութեամբ, Մանուշակ Պոյաճեանի եւ Արփի Էթիեմէզեանի վարչական պատասխանատուութեամբ հիմնարկին մէջ ունեցանք դասախօսներու փաղանգ մը, որ տարբեր նիւթերով հարստացուց հայագիտական գիտելիքները: Հրաչ Տասնապետեանի` «Հայ յեղափոխական պատմութիւն» եւ «Հայ ճարտարապետութիւն», Շաւարշ Թորիկեանի` «Հայ քաղաքական մտքի զարգացում» եւ «Հայ դատը ու միջազգային օրէնքը», Վազգէն Էթիեմէզեանի «Հայ մտքի իմաստասիրութիւն», Յակոբ Պարսումեանի «Հայոց պատմութիւն», Գէորգ Գանտահարեանի «Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն», Հայր Անուշաւան Դանիէլեանի «Գրաբար», Զարեհ սրբազանի «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն», Պօղոս Սնապեանի «Հայ գրականութիւն», Երուանդ Փամպուքեանի «Հայոց պատմութեան շրջանները» եւ այլ նման հարուստ ու արժէքաւոր նիւթերով եւ յարգելի մասնագէտ դասախօսներով բաւական ընդարձակ ու ամբողջական գիտելիքներով զինուած սերունդներ կը պատրաստուէին այդ հարազատութեամբ լեցուն յարկին տակ:

Հայաստանի անկախութենէն ետք պատմաբաններու ու գրագէտներու հրաւէրներն ալ եկան հարստացնելու դասախօսական կազմն ու զօրացնելու Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան օղակը:

Վերջին տարիներուն, Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի փակուելէն ետք, Համազգայինի յաջորդական Կեդրոնական վարչութիւններ` հաւատարիմ նոյն գաղափարին, այս անգամ սփիւռքէն ուսանողներ հովանաւորեցին, որպէսզի Հայաստանի մէջ հայագիտական ուսում ստանան եւ ծառայեն սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, որոնք արդէն կը վայելեն այս աշխատանքին արդիւնքը:

Հայագիտականին հանդէպ թերահաւատ եւ քմծիծաղով անոր մօտեցողները այսօր բնականաբար կու գան հաստատելու այն իրողութիւնը, որ որքա՛ն անհրաժեշտ էր այս հիմնարկը, որքա՛ն կարեւոր էր անոր գուրգուրալն ու զայն գործող պահելը, որպէսզի այսօրուան անապատին առջեւ բոպիկ չմնայինք:

Ինչպէս Ճեմարանը, նոյնպէս ալ Հայագիտականը մարդուժ պատրաստելու առաքելութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ, եւ այսօր ալ ունի Համազգայինը: Միութեան 95-ամեակի այս տարին կու գանք վերահաստատելու այն կամքը, զոր հիմնադիրները փոխանցած են մեզի:

Վարձքը կատա՛ր Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին նկատմամբ հաւատարիմ եղող եւ իրենց հաւատքը միշտ ամուր պահած նուիրեալներուն:

Յաջորդը` «Բագին»:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ