Համազգայինի 95-ամեակին առիթով յատուկ ձեւով կ՛արժէ լուսարձակի տակ բերել հրատարակչական բաժանմունքը: Ինչպէ՞ս սկսած էր, ո՞ւր է այսօր եւ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:

Եթէ պահ մը զանց առնենք սփիւռքահայ կեանքին մէջ Համազգայինի հրատարակչատունէն լոյս տեսած պատմա-յեղափոխական, գրական, մանկապատանեկան հատորներու, դասագիրքերու եւ գրական ու այլ ամսաթերթերու, պարբերաթերթերու հրատարակութիւնները, կը տեսնենք, թէ որքա՜ն ամայութիւն կը ստեղծուի:

Պատմական արագ ակնարկ մը:

1931-ին Ճեմարանի մէջ կը բացուի Համազգայինի տպարանը, որ իբրեւ առաջին հրատարակութիւն` լոյս կ՛ընծայէ Ճեմարանի ծրագիր-կանոնագիրը: 1938-ին առաջին անգամ կը հրատարակուի Ճեմարանի օրացոյցը: Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեան տպարանը կը կոչէ «Յոյս» եւ կը սկսի դասագիրքեր տպել: Ճեմարանին զուգահեռ, տպարանը կը գործէ իր սեփական տնօրինութեամբ: 1944-ին տպարանէն կը սկսի լոյս տեսնել Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան «Ակօս» հանդէսը: 1946-ին` Լեւոն Շանթի ամբողջական երկերու հրատարակութիւնը:

1947-ին, Նիկոլ Աղբալեանի կտակով, տպարանը կը դառնայ Համազգայինի տպարան:

1953-ին Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ նախագահ Վահէ Սէթեանի առաջարկով տպարանը կ՛օժտուի տողաշար մեքենայով եւ որոշ փուլ մը վարձակալութեան կը տրուի Պարգեւ Շիրինեանին:

1965-ին տպարանը կը կոչուի «Վահէ Սէթեան» տպարան եւ Ճեմարանի 3-րդ շէնքին շինութենէն ետք կը փոխադրուի հոն: Հինգ տարի Վահէ Սէթեանի տնօրէնութենէն ետք, Երուանդ Մոնոֆարեան կը ստանձնէ եւ մինչեւ 1975 թուական կը գործէ Ճեմարանի մէջ:

1988-89 տարիներուն կը փոխադրուի «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ Պուրճ Համուտի մէկ թաղամասին մէջ կ՛ունենայ գրախանութ: 1998-ին Կեդրոնական վարչութեան որոշումով տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ Յակոբ Հաւաթեան:

Իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս Համազգայինի հրատարակութիւններուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած են` Լեւոն Շանթ, Մուշեղ Իշխան, Բենիամին Թաշճեան, տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, Յարութիւն Քիւրքճեան, Կարօ Յովհաննէսեան, Յովիկ Պերթիզլեան եւ ուրիշներ: ՀՅԴ-ի նիւթերու հրատարակութիւնը, «Դրօշակ» շաբաթօրեայի, «Բագին»-ի, «Մարզիկ»-ի եւ առհասարակ միութենական հրատարակութիւնները ամբողջութեամբ լոյս աշխարհ եկած են տպարանէն: Գրատարածը մեծ աշխատանք տարած է սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ հայ գիրքը հասանելի դարձնելու աշխատանքին մէջ:

Այսօր, հակառակ առկայ դժուարութիւններուն, ընթերցանութեան նահանջին, հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ անտարբերութեան տակաւին ճիգ չի խնայուիր հրատարակչական մարզը աշխուժ պահելու եւ նոր դասագիրքերու հրատարակութիւններ կազմակերպելու:

«Բագին»

Մինչեւ 1944 թուական «Բագին»-ը կը հրատարակուէր ՀՅԴ Բիւրոյի հովանաւորութեամբ:

Ընթացքին` 1962-1994 «Բագին»-ի խմբագիրները եղած են` Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պոյաճեան եւ Պօղոս Սնապեան:

1994-էն ետք, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հսկողութեամբ, «Բագին»-ը շարունակեց լոյս տեսնել` իր շուրջ համախմբելով միջին եւ երիտասարդ տարիքի մտաւորականներ: Մինչեւ 2004 Պօղոս Սնապեան շարունակեց խմբագիրի իր աշխատանքները, 2004-2015 Յակոբ Պալեան շարունակեց տարեկան 4 թիւ հրատարակել, իսկ 2015-էն մինչեւ օրս Սոնիա Քիլէճեան ստանձնած է` Քանատայէն:

Պէտք է նշել, որ «Բագին» իր հրատարակութեան առաջին օրէն ինքնուրոյն տեղ ունի հայրենի եւ սփիւռքահայ գրականութեան եւ գեղարուեստական վերլուծումներու մէջ: Մանաւանդ Պօղոս Սնապեանի խմբագրութեան օրերուն բացառիկներու հրատարակութիւնները շատ կարեւոր ու արժէքաւոր էին, իւրաքանչիւրը հատորի մը ծանրութիւնը ունի եւ հաւաքուած նիւթերու մեծ մատենագիտութիւն է տուեալ յոբելեանին:

Մէկ խօսքով, այսօրուան մարտահրաւէրներու դիմաց, Համազգայինի 95-ամեակին առիթով, թէ՛ տպարանը իր հրատարակչական ու գրատարածի բաժանմունքներով եւ թէ՛ ալ «Բագին»-ը իր նորարարութեան ձգտող փորձերով պէտք է դիմագրաւեն դժուարութիւնները:

Վարձքը կատա՛ր բոլոր հին ու մինչեւ օրս իրենց գիշերը ցերեկին խառնող նուիրեալներուն:

Վարձքը կատա՛ր հայ գիրքին եւ գրականութեան նկատմամբ հաւատք ունեցող «խենթ»-երուն:

Յաջորդը` Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակներ:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ