Արուեստը եւ ընդհանրապէս մշակոյթը, ինչքան ալ անհատներու աշխատանքի, տաղանդի ու երեւակայութեան արգասիքը հանդիսանայ, որոշ պայմաններու տակ ապրող ու զարգացող հասարակութեան մը հաւաքական արտայայտութիւնը կը կազմէ: Հետեւաբար՝ մշակոյթը գերազանցապէս քաղաքական երեւոյթ է. ան անպայման պիտի ազդուի տուեալ հասարակութեան քաղաքական պայմաններէն: Ասիկա շատ բիրտ կերպով կ’երեւի մանաւանդ բռնատիրական վարչակարգերու տակ ապրող հասարակութիւններու պարագային: Օրինակ՝ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կազմուած Արեւելեան կոչուած քաղաքական խմբաւորումը՝ ուր տուեալ խմբաւորումի ղեկավար Խորհրդային միութեան նման մշակութային կեանքը կեդրոնացեալ միջոցներով ղեկավարուած էր: Ճիշդ է՝ արուեստ ու առհասարակ մշակոյթ միակողմանի զարգացում ունեցան. ճիշդ է՝ բազմաթիւ տաղանդներ կարելիութիւնը չունենալով ազատօրէն արտայայտուելու վերջիվերջոյ խամրեցան ու փճացան (կամ՝ այլապէս փայլեցան): Այս եւ այլ ժխտական ստորոգելիներով հանդերձ գոյութիւն առաւ ու զարգացաւ թէ՛ կայսերական, թէ՛ ալ կայսրութեան բաղադրիչ հասարակութիւններու մշակոյթը, որ իր վրան անհերքելիօրէն կրեց իւրայատուկ քաղաքական-հասարակական կնիք: Նոյն ժամանակներուն, բոլորովին ուրիշ աշխարհ մը՝ ”ազատ աշխարհ” կոչուածը, ունեցաւ իրեն իւրայատուկ զարգացման ճամբան անոր գրեթէ ամբողջ ընթացքին հակադրուելով միւսին՝ Արեւելեան խմբաւորումին:

            Ներկայիս երբեմնի երկբեւեռ կարգը փոխարինուած է միաբեւեռ՝ արեւմտեան, աւելի ճիշդ՝ ամերիկեան մշակոյթի միջազգային առեւտրական դաշինքներով ամրակայուած ճմլող տիրապետութեամբ: Ներկայ աշխարհին մէջ տիրապետող մշակոյթը իր տրամադրութեան տակ ունի իր տիրապետութիւնը աւելի եւս հաստատելու ահաւոր զէնքեր, որոնք իր զինուորական բարձրագոյն կարողականոթեան կողքին, կը սպառնան համաշխարհային մասշտապի վրայ միօրինականացնել մարդոց կեանքը, անոր կարգին նաեւ՝ մշակոյթը: Այդ զէնքերն են զանգուածային լրատուական միջոցներն ու համացանցը՝ մարդոց ուղեղներուն վրայ ազդելու մերօրեայ քաղաքակրթութեան ամենազօր զէնքերը: Վերջին տարիներու ընթացքին միջազգային քաղաքական կեանքի պարզած վերիվայրումներու փաստը ցոյց կու տայ, թէ վերոյիշեալ գործիքները ներկայ ժամանակներու մէջ ամէն տեսակի փոփոխութիւն յառաջացնելու ուժեղ միջոցներ են: Այդ միջոցներուն տիրապետողը կարելիութիւնը ունի իր տիրապետութիւնը տարածելու նաեւ արդի կեանքի բոլոր ասպարէզներուն վրայ, մասնաւորաբար՝ մշակոյթի վրայ, որ իր կարգին ի՛նք հզօր զէնք է: Մեր աչքը վայրկեան մը ներկայի պետութիւններու ժողովրդային խաւերուն վրայ նետելով դժուար չէ համոզուիլը, որ երկրագունդի մշակութային չափանիշները կ’ընթանան ամերիկեան կենսակերպի ուղղութեամբ: Սակայ ատիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի:  Ատենին, հնադարեան աշխարհին մէջ տիրապետող դարձաւ յունական մշակոյթը, որ Մեծն Աղեքսանդրի զինուորական արշաւներու միջոցով տարածուեցաւ այդ ժամանակաշրջանին յայտնի ամբողջ աշխարհին վրայ: Յունական նոյն քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը որդեգրուեցաւ Հռոմէական կայսրութեան կողմէ, մինչեւ որ միաստուածական կրօնքները՝ քրիստոնէութիւնն ու ապա՝ իսլամը արմատական փոփոխութեան ենթարկեն յունական քաղաքակրթութիւնը, անշուշտ պահելով անոր հիմնական տարրերը: Միջնադարու աւարտին աշխարհը վկան դարձաւ յունահռոմէական մշակոյթի յաղթական վերադարձին, որ դարձաւ արեւմտեան ներկայ քաղաքակրթութեան հիմքը: Սակայն համաշխարհային չափերու այս քաղաքակրթական-մշակութային փոփոխութիւններուն հակառակ՝ ազգային մշակոյթները շարունակեցին պահել իրենց ինքնուրոյնութիւնը, որովհետեւ անցեալը, որ ազգային ու տեղական է,  անխուսափելիօրէն միախառնուեցաւ արդիականին հետ: Իսկ խառնուրդը՝ միշտ ալ ինքնուրոյն եղած է ու  նոյն ընթացքով ալ պիտի մնայ: Ուրեմն՝ մշակութային միօրինակութեան վախը առասպելի բնագաւառին կը պատկանի:        

            Անշուշտ՝ պէտք չկայ համոզուած մարքսիստ ըլլալու գիտակից ըլլալու համար, թէ տնտեսութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մարդկային կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Այսպէս՝ արուեստը, որ ժամանակի թաւալումով բոլոր հասարակութիւններէն ներս մշակոյթի հիմնական ուղղութիւնը ճչդող բնագաւառն է, իշխանաւորներու եւ ունեւոր դասակարգերու մենաշնորհը հանդիսացած է: Կարելի չէ հերքել, ի հարկ է, որ հասարակութենէն ներս անհատ արուեստագէտի եւ ժողովրդային արուեստի փոխազդեցութիւնը շարունակական է: Իսկ մարդկային պատմութեան խորքերէն արդէն յայտնի է, որ տաղանդաւոր անհատ արուեստագէտի ճակատագիրը կախեալ եղած է ունեւոր իշխանաւորի մը անոր արուեստին վերաբերմամբ քաջալերանքէն կամ հակառակը՝ անոր անտարբերութենէն: Հետեւաբար, այլ խաբկանք չունենանք, արուեստի ուղղութիւնը  կախեալ եղած է տնտեսութիւն մատակարարող իշխանաւորի ճաշակէն: Ուրեմն՝ տնտեսութիւն ու տնտեսութեան տէր իշխանաւորի ճաշակը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են արուեստի, հետեւաբար՝ մշակոյթի զարգացման մէջ: Մեր օրերուն սակայն արհեստագիտութեան մէջ կատարուած մեծ յեղափոխութիւնը արուեստի ու մշակոյթի զարգացման այս դրութիւնը փոխելու կարելիութեան դուռ բացած է՝ ո՛չ անպայման դրական իմաստով. տնտեսական գործօնի դերակատարութիւնը ստացած է հիմնական առաջնահերթութիւն: Այսօր մշակոյթը առքի ու վաճառքի չափանիշներուն կը հետեւի: Ճաշակն ալ ըստ այնմ կը կազմաւորուի. նաեւ՝ ըստ այնմ կը հունաւորուի: Լաւագոյն երգը գէթ մասամբ կ’որոշուի բջիջային քուէարկութեամբ: Հեռատեսիլի լաւագոյն յայտագիրը, հետեւաբար՝ քաջալերանքի արժանին, կ’որոշուի ակնդիրներու թուաքանակի հիմամբ: Իբրեւ թատերական լաւագոյն ներկայացում կը գովաբանուի ծափահարութեան բարձրագոյն դեսիբելային  մրցանիշը հասցնողը: Աւելին՝ յաճախ համալսարաններու որակային դասակարգումը կը կատարուի իրենց տրամադրութեան տակ դրուող դրամագլուխի չափով: Շիշդ է, որ ճաշակներու բախտատութիւնը անիմաստ գործ է, բայց կան մարդկային էութիւնը սահմանող յատկանիշներ, զորս կարելի չէ շրջանցել որեւէ ասպարէզի մէջ. բանականութիւն, ողջմտութիւն, կեանքի պահպանման բնական բնազդ եւ այլն: Այսպիսիները կարելի չէ նկատի չառնել. այլապէս՝ մարդկային ոլորտէն կ’անցնինք այլ ոլորտ: Ինչպէս քաղաքական յեղափոխութիւնը՝ մշակութայինն ալ ունի իր սահմանագիծերը, որոնց զանցումը ճիշդ հունի մէջ չի դներ հասարակութիւնը: Մէկ խօսքով, քանի մեր օրերու ամենէն գործածուող ու չարչարուող բառը ժողովրդավարութիւն բառն է, արուեստ ու մշակոյթ ժողովրդավարական արժեչափերուն հետ այնքան ալ կապ ունեցող դաշտեր չեն: Անոնք այնքան ալ կապ չունին գոյութիւն ունեցող հասարակակարգին հետ, թէեւ իրենց զարգացումը կախեալ է ատկէ եւ իրենց կարգին կ’ազդեն հասարակակարգի փոփոխութիւններու ուղղութեան վրայ: Արուեստ ու մշակոյթ ծնունդն են հասարակութեան եւ միջոց են նաեւ այդ հասարակութեան պահպանման ու զարգացման: Անոնք դիմադրողական մեծ ուժ ունին: Ատիկա է պատճառը, որ մշակութային բազմաթիւ ու մեծ արժէքներ ամբարած հին ժողովուրդները կը դիմանան ո՛չ միայն մշակութային, այլ՝ զինական ու նուաճողական յարձակումներու: Անոնք մշակութային գետնի վրայ կրնան յաղթական դուրս գալ, նոյնիսկ երբ զինուորապէս պարտուած են: Բայց կասկածէ վեր է անշուշտ, որ արուեստ ու մշակոյթ լաւագոյնս կը զարգանան ամէն տեսակի կաշկանդումներէ զերծ միջավայրերու մէջ՝ ազատութեան մէջ:

            Այսօր ի՞նչ է հայութեան քաղաքական կացութիւնը, որմէ պիտի յառաջանան նաեւ մշակոյթի զարգացումը պայմանաւորող ղեկավար ուղղութիւնները: Գոյութիւն ունի Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը եւ հասարակական այն խայտաբղէտ իրականութիւնը՝ որուն կու տանք չափազանցօրէն պարզեցուած Սփիւռք անունը: Յստակացնենք անմիջապէս, որ ”սփիւռք” եզրը իր կարգ մը գործածութիւններուն մէջ ապակողմնորոշող է: Այսպէս՝ երբ կը խօսուի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռանկիւնի մը մասին պարզ մարդը իր ուղեղին մէջ կը կազմէ երկրաչափական նոյնքան պարզ պատկեր մը, որ սակայն իրականութեան չի համապատասխաներ: Այդ ի՞նչ տեսակի եռանկիւն է, որուն մէկ կողմը՝ Սփիւռքը կը պարփակէ ամբողջ տիեզերքի բոլոր ուղղութիւնները: Հայութեան քաղաքական-հասարակական կացութիւնը պարզ ըլլալէ հեռու՝ չափազանց բարդ է: Ուրեմն նոյնքան բարդ պիտի ըլլայ անոր մշակոյթի վիճակն ու զարգացումը: Ուշադրութի՛ւն սակայն. ասիկա չի՛ նշանակեր, որ քաղաքականօրէն բարդ, անստոյգ, դժուար ըմբռնելի ու դժուար կառավարելի կացութիւնը պարտադիր կերպով պիտի առաջնորդէ մշակութային իմաստով ժխտական երեւոյթներու: Հայութիւնը բազմաթիւ տասնամեակներէ ի վեր վերիվարոյ նոյնանման կացութեան մը մէջ կը գտնուի, բայցեւայնպէս իր մշակութային արտադրութիւնը արհամարելի չէ եղած: Ընդհակառակը կարելի է պնդելով ընդգծել, թէ տագնապալի կացութիւնները մշակուաթային նոր ուղղութիւններու որդեգրումը կը դիւրացնեն. անոնք նոր լիցք տալով հասարակութեան եւ զայն զետեղելով արդիականութիւն բուրող ծիրի մը վրայ՝ կ’երկարաձգեն անոր կեանքը համամարդկային համաստեղութեան մէջ:

            Մեր նորագոյն պատմութեան սփիւռքի յետեղեռնեան ժամանակաշրջանը հարկ է բաժնել երեք հատուածի: Առաջինը կ’երկարի Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն՝ մինչեւ Երկրորդի աւարտը: Երկրորդը՝ առաջին hատուածի աւարտէն՝ մինչեւ Սպիտակի ազգաքանդ երկրաշարժը: Ներկան կը գտնուի երրորդ հատուածին մէջ: Առաջինը սփիւռքեան կեանքի նախնական կազմակերպման շրջանն է. գաղթական զանգուածներու եւ իրենց ղեկավարութեան մտքին մէջ արտերկրի մէջ կեցութիւնը ժամանակաւոր կը կարծուի. շատեր կը մերժեն զիրենք հիւրընկալող երկիրներու քաղաքացիութիւնը վստահ ըլլալով, որ շուտով կը վերադառնան հայրենիք. տեղական լեզուներու գիտութիւնը կ’արհամարուի: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կը սկսի սփիւռքեան կեանքի իսկական կազմակերպումը. դպրոցներու թիւը կը բազմապատկուի. փայտաշէն ու թիթեղաշէն տուները կը փոխարինուին հաստատուն քարաշէն կառոյցներով. նոր սերունդները կը հմտանան օտար լեզուներու գիտութեան մէջ եւ իրենց առջեւ կը բացուին համալսարաններու դուռերը: Առաջին սերունդը կ’անդրադառնայ, որ օտարացման վտանգ կայ. կը խօսուի սպիտակ ջարդի՝ ձուլման վտանգին մասին: Այս վերջին մտածումով գաղութները ճիգ կը թափեն հեռու պահելու երիտասարդութիւնը հիւրընկալ միջավայրերէն: Ի զուր, որովհետեւ այդ միջավայրերու մեծամասնութիւնը  հրապուրիչ է, մանաւանդ՝ արեւմտեան կողմն աշխարհի: Հետեւաբար՝ առանց թմբուկի ու յայտարարութեան մշակութային քաղաքականութիւնը խիստ պահպանողական է. հայկական աւանդական պար, հայկական զարթօնքի երգ, կարօտի գրականութիւն, արհամարանք տեղական մշակոյթին հետ առնչուողներուն հանդէպ: Արդիւնքը կ’ըլլայ այն, որ գեղարուեստական ու մշակութային ստեղծագործ տաղանդը կը հեռանայ հայկական միջավայրէն. ան լաւագոյն պարագային իրեն ծնունդ տուող հաւաքականութեան կողմէ կ’ընդունուի օտար միջավայրերու մէջ իր յաջողութենէն ետք: Այս ժամանակահատուածին մէջ սփիւռքահայ մշակոյթը հակառակ իր գրական՝ սկիզբը  բեղուն ու ապա հետզհետէ պակսող արտադրութեան տեղքայլի մէջ է եւ բուրելու փոխարէն՝ կը սկսի հոտիլ անշարժ ջուրի նման: Սփիւռքին համար փրկութեան լաստ մը կը ծնի Հայաստանի անկախ պետականութեան վերրստեղծումով: Այլ հարց, թէ որքա՞ն կ’օգտուի հայութիւնը իրեն ընծայուած այս պատմական առիթէն: 

            Մնալով հայրենիքի հետ զուտ մշակութային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ ըսենք, որ անկախութեան սկզբնական շրջանին խանդավառութիւնը բացայայտօրէն մեծ էր. բազմամարդ երգչախումբեր, թատերախումբեր, բազմաթիւ առանձին արուեստագէտներ ամիսներու վրայ հնձեցին սփիւռքահայ ծառաւ մշակութասէրներու ծափահարութիւնները: Մեղրալուսինը կարճ տեւեց: Ոչ միայն մեծածախս էին տեղափոխութիւնները, այլ միաժամանակ սփիւռքը երազային հարենիքի իր սկզբնական մտապատկերէն անցաւ դէպի իրականութիւն, որ բնականաբար իր երեւակայածին չափ փայլուն չէր: Այսպէս, հակառակ թափուող ճիգին, սփիւռքի մշակութային յարաբերութիւնները հայրենիքի հետ մինչեւ այսօր առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան ընթացք մը չեն թեւակոխած:

            Մեր օրերուն յաճախ կը խօսուի սփիւռքահայու եւ հայաստանցիի տարբերութիւններուն մասին, որ անցեալի արեւմտահայու եւ արեւելահայու վէճի մէկ ժամանակակից տարբերակն է: Հաճոյքով կը խօսուի այդ տարբերութիւններուն մասին, մինչդեռ աւելի իմաստուն պիտի ըլլար երկուքի հասարակա՛ց գիծերու  մասին խօսիլը, որպէսզի մոռցուին ու անհետանան գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները, որոնք արգելք կը հանդիսանան հայութեան ո՛չ միայն երկու, այլ՝ այլազան ու բազմաթիւ մասնիկներու վերամիաւորման: Արդարեւ՝ զանազան տեսակի սփիւռքահայերու միջեւ տարբերութիւնները ալ աւելի մեծ են, քան՝ որեւէ սփիւռքահայու եւ հայրենիքի մէջ ծնած ու մեծցած հայ անհատի տարբերութիւնները: Այսպիսի բախտատութիւններ անհեթեթ ըլլալէ անդին՝ նաեւ վնասակար են: Այդ ուրիշ՝ որ այդ այլազանութիւնը մշակութային հարստութեան ու վերանորոգման աղբիւր կրնայ ըլլալ, եթէ հարկ եղած մշակութային քաղաքականութիւնը որդեգրուի: Ասիկա հիմնական հարց է միաժամանակ բազմաթիւ մշակոյթներ կրող հաւաքականութեան մը պարագային, ինչպիսին է հայութիւնը: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը խուսափելով ձուլման հաւանականութիւն  ներկայացնող վիճակներէ, ցարդ իրմէ հեռու վանած է այդ հսկայական հարստութիւնը:

            Մեր ներկայի դժուարութիւնները կը բխին այն իրողութենէն, թէ ժամանակներն ու կացութիւնները փոխուած ըլլալով հանդերձ, պաշտօնատարներու եւ մշակութասէրներու մտայնութիւնը կը մնայ ամփոփոխ: Այսինքն՝ սփիւռքի մէջ դեռ վախը կայ հեռանալու այն ինչէն, որ աւանդականօրէն հայկական կը սեպուի: Պէտք է անդրադառնալ վերջապէս, որ ամէն ինչ, որ հայ հասարակութեան եւ մասնաւորաբար անոր երիտասարդութեան ներկայացուցիչներուն ճաշակին համապատասխանելով հետք կը ձգէ հայկական իրականութենէն ներս՝ վերջիվերջոյ հայկական մակդիրը կրելու իրաւունքին արժանի պիտի ըլլայ ապագային: Այլապէս հիմնական սպառնալիքը կը մնայ ճահճացումը: Իսկ ճահճացումը իր դէմ անպայման պիտի գտնէ ապագայի վերաբերմամբ յոյսի կրողը,այսինքն՝ երիտասարդութիւնը:

                Իսկ երիտասարդութեան վիճակը ամէնուրեք անմխիթար է մարդկային կեանքի ներկայ հանգրուանին: Խորհրդային Միութեան յաջորդած սանձարձակ գերազատական տնտեսութեան համաշխարհայնացած դրութիւնը շառաչիւն կերպով ձախողած է մեր օրերուն: Աշխարհը ահաւոր տնտեսական տագնապի մէջ է եւ անոր ամենավառ արտայայտութիւնը՝ զինեալ բախումը աշխարհագրական մէկ շրջանէն միւսը կը տեղափոխուի շարունակաբար: Երիտասարդութեան կարեւոր մէկ համեմատութիւնը մատնուած է անգործութեան իր ապագայի վերաբերմամբ իր յոյսը կտրած ըլլալով: Անձնական ճակատագիրներու տիեզերական այս փլուզումը բնականաբար մահաբեր է, մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենանք ընկերային քիչ թէ շատ ընդունելի  գաղափարաբանութիւններու բացակայութիւնը: Երիտասարդութիւնը ճարահատ կը նետուի ծայրահեղ շարժումներու ուռկաններուն մէջ: Ճիշդ է, որ հայ երիտասարդութիւնը ցայսօր հեռու կը մնայ այդպիսի փորձութիւններէ, բայց այլընտրանքն ալ չի ներկայացուիր իրեն, յատկապէս՝ իրե՛ն հասկնալի լեզուով ու միջոցներով: Պէտք է ընդունիլ, որ հայկական կազմակերպութիւնները մինչեւ այսօր թերի կերպով կ’օգտագործեն համացանցի ընծայած մեծ կարելիութիւնները իսկական երկխօսութեան մէջ մտնելու համար երիտասարդութեան հետ: Երիտասարդը այդ խօսակցութեան պէտք ունի հաղորդակից մնալու համար հայկական իրականութեան հետ: Երբ այդ խօսակցութիւնը կայանայ, անհրաժեշտ է, որ կազմակերպուած կառոյցները լրջօրէն նկատի ունենան արդի երիտասարդութեան արդի կարիքներն ու փափաքները:

            Արդիականացման պէտք ունի նաեւ հայերէնի ուսուցումը: Մասնագէտ ըլլալու հարկ չկայ նկատելու համար, թէ օտար լեզուներու ուսուցոմը այնքան ուսումնասիրուած կերպով կը կայանայ, որ կարելի կ’ըլլայ միայն քանի մը ամիս տեւող դասընթացքներէ ետք՝ գոնէ լեզուն հասկնալու չափ տիրապետել անոր  հիմնական անհրաժեշտ գիտելիքներուն: Հայերէնի այդպիսի դիւրին դասընթացք մը տակաւին գոյութիւն չունի: Առանց որեւէ ձեւով նսեմացնելու արդէն գոյութիւն ունեցող միջոցները ըսենք նաեւ՝ որ հայկական վարժարանը մատչելի չէ հայերէնի սերտողութեան կարողական թեկնածուներու մեծամասնութեան: Հայերէնի ուսուցման ելեկտրոնական տարբերակներու բազմապատկումը հրամայական է, հայերէն սորվիլ փափաքողներու կարիքները յագեցնել կարենալու համար: Վերջապէս հայերէնը աշխարհասփիւռ հայութեան յարաբերութեան միակ հասարակաց միջոցն է. հետեւաբար ազգային լեզուի գիտութիւնը կարեւոր է հայութեան մասնիկներու միջեւ հարազատ հաղորդակցութիւնը կարելի դարձնելու համար:

            Հայաստանի հետ ազատ յարաբերութեան պայմաններու մէջ հայկական մշակոյթի տեղական մշակոյթներու հետ համարկումը կը հարստացնէ տեղականը միաժամանակ աւելցնելով հայկականին դիմադրողականութիւնը, քանի անոր զարգացումը իրական կեանքի վրայ հիմնուած կ’ըլլայ:

            Մէկ խօսքով հայկականի եւ օտարի բնականոն, ոչ բռնազբօսիկ միախառնումը կը զարգացնէ հայկական մշակոյթը ոչինչ պակսեցնելով անոր ազգային նկարագրէն: Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր մշակոյթին վրայ ազդած բոլոր մշակոյթները՝ պարսկականը, յունականը, բիւզանդականը, օսմանեանը, ռուսականը եւ արդի եւրոպականը ոչինչ պակսեցուցած են մեր մշակոյթի հայկականութենէն: Հայութեան կղզիներու միջեւ հաղորդակցութեան արդիական կարելիութիւններու նպատակասլաց ազատ օգտագործումով անպայման կրնայ ստեղծուիլ հայկական միաւորեալ մշակոյթը, հետեւաբար՝ հայու նոր տիպարը, որ հայ է՝ ձեռբազատուած իր անունին առջեւ բակցուած տեսակաւոր հնչեղութիւն ունեցող մակդիրներէն- արեւելա-, արեւմտա-, լիբանանա-, պարսկա- եւ բոլոր մնացեալները, որոնք ժամանակի ընթացքին տակաւին բազմանալու կարելիութիւնն ալ ունին:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Թեհրան,  19  Դեկտեմբեր  2014