
«Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ, իսկ ներկաները յոտնկայս ծափահարութիւններով իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը կը յատնէին անոնց եւ յատկապէս խմբավար Զաքար Քէշիշեանին:
Փաստօրէն հանդիսատեսը հմայուած էր տեսնելով երիտասարդ տղոց ու աղջիկներու գիտակից նուիրումը հայ երգին, երաժշտութեան ու ազգային արժէքներուն: Անոնք լաւագոյն վկան հանդիսացան ժողովուրդի վերապրումին ու պահանջատիրութեան:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած, տէր եւ տիկին Ալեն եւ Իրմա Պալեաններու հովանաւորութեամբ, «Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու ժողովրդային նուագախումբը ելոյթ ունեցան Կիրակի, 17 Մայիս 2015-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ, խմբավարութեամբ` Զաքար Քէշիշեանի եւ ընկերակցութեամբ դաշնակահար Լիանա Յարութիւնեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարին Գազանճեան: Ան յայտնեց, որ ձեռնարկը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ապա հաստատեց, որ ոչ միայն այս տարի, այլ եւ յառաջիկայ տարիներուն ալ հպարտօրէն պիտի յիշենք ու պիտի պահանջենք, մինչեւ որ մեր դատի արդար լուծման հասնինք: