
21 Մայիս 2021-ին «Խնկօ Ապորի» անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Հնչող ձայներ» ժողովածուն, որուն մէջ ներկայացուած են Արցախի վերջին պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն ստեղծագործութիւնները:
Ժողովածուն կեանքի կոչելու աշխատանքը ստանձնած է Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն, հրապարակախօս Ռուզան Առաքելեան, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Այս օրը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ մեր հերոսներուն արժանին մատուցող օրերէն մէկը: Մենք չէինք կրնար չանդրադառնալ մեր հերոսներուն ստեղծագործութիւններուն: Այս ժողովածուին մէջ անոնց կիսատ թողած գործն է: Երբ կը կարդանք այդ ստեղծագործութիւնները, կը թուի, թէ անոնք հսկայական կեանք մը ապրած են, որովհետեւ անոնց խոհափիլիսոփայական միտքերը մեզ կը տանին շատ աւելի հեռու, քան անոնց ապրած կեանքը: Մենք անոնց գործը պիտի շարունակենք. անոնք մեզի ձգեցին մէկ պատգամ` պայքարինք, շարունակենք մեր գործը, որ յաղթենք: Յաղթենք, որ ապրինք», նշեց ան: Առաքելեան դիտել տուաւ, որ գիրքին մէջ կան 11 հերոսներու ստեղծագործութիւնները, իսկ այս գաղափարը պիտի ունենայ շարունակութիւն, լոյս պիտի տեսնեն նաեւ երկրորդ եւ երրորդ հատորները:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքը ընթերցել այստեղ: