
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Հրայր եւ Թալին Խաչատուրեաններու, Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցին տարեկան ելոյթը` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, Լիբանանի մշակոյթի նախարար դոկտ. Ղասսան Սալամէի ներկայացուցիչ նախարութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Ալի Սամատի, Պէյրութի մէջ Ռուսական տան տնօրէն Ալեքսանտր Սորոքին ու դեսպանատան մշակոյթի բաժինի ներկայացուցիչներու, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մշակութային բաժինի ներկայացուցիչներու, Այնճարի քաղաքապետ Սեդրակ Հաւաթեանի, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, հոգեւորականներու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Պարուսոյցներ Ժագլին Սարխոշեանի ու Կարէն Մակինեանի հսկողութեամբ, առաջին արարով «Գայեանէ»-ի աշակերտները ներկայացուցին` «Եարխուշտա», «Վեր վերի», «Հէյ ջան Հայաստան», «Հայկական պար», «Շիրակի պար», «Հայկական պար», «Քոչարի», «Տոտիկ», «Հայուհի», «Պեպոյի երգը», «Արցախին»:
Իսկ երկրորդ արարով պարի դպրոցի աշակերտները պարեցին` «Թոքա թոքա», «Պիրի պիպիրի», «Ուաքա ուաքա», «Լաթինօ», «Մեղեդի», «Շալախօ», «Ռուսական պար», «Կովկասեան պար», «Ճիփսի» եւ «Հնդկական»: Ներկայացումը փակուեցաւ 200 աշակերտներու հաւաքական եզրափակիչ պարով, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
