
Համազգայինի Աւստրալիոյ 26-րդ արտակարգ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ Ռւրբաթ, 27 Մարտ 2026-ին, Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս, Ուիլլուպի։
Ժողովին լիազօր ձայնով իրենց մասնակցութիւնը բերին Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութենէն ու վեց մասնաճիւղերէն 20 պատգամաւորներ եւ խորհրդակցական ձայնով՝ 7 անդամներ: Ժողովին մասնակցեցան նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Աւստրալիոյ շրջանի ներկայացուցիչն ու Հ.Յ.Դ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը։
Ընթերցուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ ամփոփ տեղեկագիրը: Յետ քննութեան, կատարուեցաւ գնահատում շրջանաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան: Ժողովը իր առաջարկները ներկայացուց Համազգայինի 10-րդ Պատգամաւորական Ժողովին, որ պիտի գումարուի Մայիս 28-էն 31, 2026, Երեւանի մէջ։
Աւարտին, ժողովը ընտրեց շրջանի պատգամաւորները եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց։
Դիւան - Համազգայինի Աւստրալիոյ 26-րդ արտակարգ Շրջանային Ժողովի
