
Համազգայինի Սան ֆրանսիսքոյի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ ընդհանուր զարգացման մրցում մը Կիրակի, 1 Փետրուար 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Խաչատուրեան Հայ կեդրոնի Սարոյեան սրահին մէջ։ 8 անդամներէ բաղկացած 3 խումբեր մասնակցեցան սոյն մրցոյթին։ Սրահին մէջ ներկայ էին նաեւ համազգայնական ընկերներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու վարչութեան եւ մասնակից խումբերուն։
Հարցումները կ’ընդգրկէին հայոց պատմութիւն, հայկական արուեստ ներառեալ ֆիլմարուեստ- գեղանկարչութիւն- երաժշտութիւն, գրականութիւն եւ համազգայինի պատմականն ու գործունէութիւնը։
Իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր իր անունը «Արարատ», «Գիւմրի» եւ «Սեւան»:
Մտերմիկ եւ զուարճալի մթնոլորտի մէջ 3 մրցող խումբերը մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին պատասխանելով 50 տարբեր հարցումներու։
Դատական կազմը ուսումնասիրեց խումբերուն պատասխանները, ապա վարչութեան ատենապետ Դալար Տէր Աբրահամեանը յայտարարեց, թէ առաջին հանդիսացողը «Արարատ» խումբն է ։
Ինչպէս միշտ տեղի ունեցաւ ընկերային ժամ եւ հիւրասիրութիւն։
Վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ փրոֆ. Ստեփան Աստուրեանի պատրաստած տեղեկութեան գրքոյկին, Անի Աստուրեանին զարգացման մրցումի հարցումները պատրաստելուն եւ Անժելինա Արզումանեանին հարցումները համակարգիչի սահիկներով ներկայացման։
Մասնակիցներն ու ներկաները ուրախ եւ գոհունակ մեկնեցան շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի այս դաստիարակչական նախաձեռնութեան, յայտնելով, որ յառաջիկայ տարի դարձեալ կը փափաքին մասնակցիլ։
