
Ուրբաթ, 27 Մարտ 2026-ին, թատրոնի միջազգային օրուան առիթով Համազգայինի «Լ.Շանթ» Թատերական Միաւորի վարչութիւնը մտերմիկ հանդիպում մը կատարեց կեդրոնէն ներս, հրաւիրեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը , «Լ.Շանթ» Թատերական Միաւորի մշակութասէր, թատերասէր երէց եւ ներկայ դերակատարները։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Թամար Բարսեղեան Սարգիս, ողջունելով հիւրերը ան ըսաւ, որ թատրոնը միջոց է ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ ամրապնդման, մատնանշելով թէ թատրոնը դպրոց է, ուստի կարելի է այդ միջոցով ժողովուրդ դաստիարակել, ապա շնորհաւորեց ներկաները։
Յաջորդաբար, սահիկի միջոցով ներկայացուեցաւ փունջ մը նկարներ անցեալի եւ ներկայիս ներկայացուած թատրոններէն, որոնք թարմացուցին ներկաներուն յուշերը, ապա վարչութեան ատենապետ Սագօ Խալոյեանը ընթերցեց թատրոնի համաշխարհային օրուան ուղերձը, որուն հեղինակն էր «Ուիլեմ Տաֆօ» ԱՄՆ դերասան, թատերական գործիչ, ապա առիթ տրուեցաւ երէց ընկերներուն, որոնք փոխանցեցին իրենց Թատերական փորձարութիւններէն, անմոռանալի յուշերէն: Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ համեստ հիւրասիրութիւն մը՝ պատրաստուսծ վարչութեան կողմէ։ Ներկաները հեռացան կեդրոնէն առաջարկելով կրկնել նման հանդիպումներ, որոնք կը կամրջեն անցեալը ներկայի հետ առաջ բերելով նորանոր ծրագիրներ եւ յաջողութիւններ։ Բարի մաղթանքներու ներքոյ աւարտեցաւ այդ օրուան յայտագիրը նոր յուշեր աւելցնելով ներկաներուն միտքին մէջ։
ՏՕՆԴ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆ
