
Համազգայինի Լիբանանի Լ. Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 30 Մարտ 2026-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին մօտ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի մասնագիտացած եւ աշխարհագրական մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն, Համազգայինի Գեղարուեստի ղեկավարներուն, յանձնախումբերուն ու Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեալներու:
Ժողովականները նախ լսեցին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը, ապա լուսաբանական հարցումներ ուղղեցին տեղեկագիրին մէջ նշուած կարգ մը արձանագրութիւններուն շուրջ եւ կատարեցին համապատասխան քննարկում: Ապա մասնակիցները ներկայացուցին Համազգայինի յառաջիկայ քառամեակին մասին առաջարկներ: Յատուկ կերպով շեշտուեցաւ Միջին Արեւելքի գաղութներու մէջ միացեալ աշխատանքներ կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ` խումբերու ներկայացումներու շրջանառութեան ցանցի ստեղծման կարեւորութիւնն ու փորձառութիւններու փոխանակումը:
Ժողովականները հաստատեցին Համազգայինի կրթական կառոյցներու զարգացումն ու կարեւորութիւնը եւ Հայաստանի մէջ Ճեմարան ունենալու անհրաժեշտութիւնը: Մասնակցողները նշեցին, որ քարոզչական առումով հարկ է մշակել համապատասխան ռազմավարութիւն` ներգրաւելու մեծաթիւ երիտասարդներ:
Ժողովը նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ քննարկեց սփիւռքեան եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքի անկայուն պայմաններուն պատճառով մշակութային գործունէութիւն ծաւալելու դժուարութիւնները եւ նոր ծրագիրներ իրականացնելու արգելքները` յուսալով, որ այս տագնապալի օրերը կը շրջանցուին, ու աշխատանքները կը վերադառնան իրենց բնականոն ընթացքին:
Այնուհետեւ ժողովականները ընտրեցին Լիբանանի շրջանի համար 5 պատգամաւորներ, որոնք Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին հետ յառաջիկային Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցին Համազգայինի Ժ. Պատգամաւորական ժողովին:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Լ. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ
