Այսու սրտի մեծ ուրախութեամբ կը հաղորդենք, որ Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն՝ բժշկուհի Ատրինէ Գարագաշեան 200.000 (երկու հարիւր հազար) ամերիկեան տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի կալուածին վրայ մարզամշակութային կառոյցի մը շինութեան նպատակով: Առաջին անգամը չէ, որ բժ. Ատրինէ Գարագաշեան ի շարս այլ միջոցներու նաեւ նիւթական նուիրատուութիւններու ճամբով իր սէրն ու գուրգուրանքը կ°արտայայտէ Համազգայինի կրթական հաստատութիւններուն հանդէպ: Տարիներու ընթացքին ան իր յատկացուցած յաճախակի նպաստներով օժանդակած է Լիբանանի եւ Մարսէյի մեր ճեմարաններու զանազան ձեռնարկներու իրականացման: Նկատի ունենալով վերոյիշեալները Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց նոր կառոյցը կոչել þþԱտրինէ Գարագաշեան մարզամշակութային սրահþþ: Համոզուած ենք, որ այս նոր կառոյցը աւելի եւս պիտի արդիւնաւորէ սփիւռքեան դժուարագոյն պայմաններու մէջ հայ յանձնառու մարդու պատրաստութեան համար Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ թափուող ամէնօրեայ ճիգը: Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խոր գնահատանքը կ'արձանագրէ բժ. Ատրինէ Գարագաշեանի այս սրտաբուխ եւ օրինակելի նուիրատուութեան համար: Պէյրութ, 07 Մարտ 2008 ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ