2-3 Ապրիլ 2016-ին, Նիւ Եորքի Վուտսայտ շրջանի Հայ Կեդրոնին մէջ կայացաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւններու 2014-2018 քառամեակի 7-րդ եռակողմանի ժողովը, որուն կը մասնակցէին միութեան ԱՄՆի Արեւելեան ու Արեւմտեան՝ եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեանց 13 անդամներ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութենէն ընկերներ Վիգէն Թիւֆէնքճեանը (Գանատա) եւ Հրայր Պարոնեանը (ԱՄՆ)։ Ժողովականները կու գային Լոս Անճելըսէն, Ուաշինկթընէն, Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզիէն, Ֆիլատելֆիայէն եւ Մոնթրէալէն։
Երկօրեայ ժողովի քննարկումները կ՚ընդգրկէին ամերիկահայ եւ գանատահայ կրթական եւ մշակութային կեանքին վերաբերող այլեւայլ հարցեր, ընդ որում ԱՄՆի ու Գանատայի տարածքին Համազգայինի գործունէութեան ծիրի ընդլայնումն ու կրթական մարզին մէջ յաւելեալ դերակատարութիւն ստանձնելու խնդիրները, նիւթական կռուաններու ստեղծման միջոցներու որոնումը, եւ հայ մշակոյթը նորահաս սերունդներուն ծանօթացնելու եւ մերձեցնելու արդի ձեւերը։ Եռակողմանի ժողովը նաեւ վերջնական որոշումներ կայացուց ArtLinks Երիտասարդական Ցանցի երկրորդ հաւաքին վերաբերեալ, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Գանատայի մէջ, 30 Յունիս-3 Յուլիս շաբաթավերջին:
Երկօրեայ այս ժողովին մասնակիցները վերահաստատեցին Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի կառոյցներու ներուժը համախմբող այս եւ նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, առ ի լաւագոյնս ծառայութիւն հայ ազգին։
12 Ապրիլ 2016
ԱՄՆի Արեւելեան, Արեւմտեան, եւ
Գանատայի Շրջանային Վարչութիւններ