
Հալէպահայ հանդիսատեսը ամէն տարի հետաքրքրութեամբ կը սպասէ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի համերգներուն՝ վայելելու քառաձայն երգեցողութեան հմայքը եւ ունկնդրելու տարբեր երգահաններու հոգեպարար ստեղծագործութիւններ։
Ամէն տարի խումբը հանդէս կու գայ նոր յայտագրով, երբեմն անակնկալներով։ Այս տարուան ողջունելի անակնկալը երիտասարդ քանի մը մենակատարներու հանդէս գալն էր, որուն համար յատուկ ճիգ թափած էր խմբավարը՝ նորեր պատրաստելու եւ նոր գոյն բերելու «Զուարթնոց»-ին։
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւորի վարչութեան, Շաբաթ 18 եւ Կիրակի 19 Ապրիլին հանդէս կու գայ երգչախումբը, խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի։
Օրուան բեմավար Արինա Պօշկէզէնեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ, ապա ելոյթի ընթացքին մերթ ընդ մերթ կատարած մէջբերումներով, իւրաքանչիւր երաժշտական ստեղծագործութեան ու երաժիշտին մասին մանրամասնութիւններ յայտնելով, լուսաբանեց հանդիսատեսը։
