
«Անիծուած նուռ II» ելոյթի աննախադէպ յաջողութենէն ետք, Համազգայինի պարախումբը անվարան շարունակեց իր գործունէութիւնը, փորձերով եւ նոր ներկայացումներով։ Ամրան մէջ` առաջին անգամ ըլլալով ճամբորդեց արտասահման, հանդէս եկաւ բարձր մակարդակի ու նշանակութեան փառատօններու եւ միջոցառումներու, հպարտութեամբ ներկայացնելով հայ մշակոյյթի արժէքները եւ ծածանել տալով Եռագոյնը։
20 Յունիս 2025-ին «Նայիրի» պարային խումբը ժամանեց «Այ. Սարանտա» քաղաքը, որ կը հանդիսանայ Ալպանիոյ յունական համայնքի ամենակարեւոր կեդրոններէն մէկը, մասնակցելու համար փառատօնին, 40 պարախումբերու հետ` համայնքային, կիպրական, պոնտական եւ Յունաստանի տարբեր շրջաններէ։
Ծովափնեայ քաղաքը ստացած է իր անունակոչումը Փոքր Հայքի «Սեբաստիոյ քառասուն վկաներ»ու բիւզանդական վանքէն, որ կառուցուած էր շրջանի բլուրի մը վրայ։
Նոյն օրը, փառատօնի ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ պարուսոյցներու մասնակցոութեամբ սեմինար-համաժողով` «Կիպրական, հայկական, պոնտական եւ Իփիրոս շրջանի պարեր. մշակութային ժառանգութիւն, յուշ եւ ինքնուրոյնութիւն» նիւթով։
