
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային 27-րդ արտակարգ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 22 Մարտ 2026-ին, Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։
Ժողովին լիազօր ձայնով իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ մասնաճիւղերէն 27 պատգամաւորներ եւ 15 խորհրդակցական ձայնով անդամներ։
Ժողովին, ընթացիկ օրակարգերու կողքին ընթերցուեցաւ Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան քառամեայ տեղեկագիրը, լուսաբանական հարցումներ ուղղուեցան Համազգայինի Կեդր. Վարչութեան լիազօր անդամ Կարօ Մանճիկեանին եւ առաջարկներ յղուեցան Համազգայինի 10-րդ պատգամաւորական ժողովին։
Աւարտին, ժողովը ընտրեց շրջանի պատգամաւորները եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց։
