
Վերանորոգ թափով եւ յանձնառութեամբ, Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի նոր գրասենեակի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ։
Բացման ժապաւէնի հատումը կատարեցին՝ Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Լաթաքիոյ Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սարին Կիրակոսեան-Գէորգեանը, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետը, Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ ընկ. Արշակ Տէիրմէնճեանը։
Բացումին ներկայ գտնուեցան նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ համազգայնականներ։
Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպրուհի Մակի Մանճիկեան Խոտանեանը, նշելով, որ այս գրասենեակը լոկ քար ու գոյք չէ, այլ յատուկ վայր մըն է, ուր համազգայնականները պիտի շարունակեն իրենց համախմբուած գործունէութիւնը՝ կրթութեան, մշակոյթի, ազգային ինքնութեան եւ հասարակական ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ։
«Այս նոր շրջանը կը բացուի մեր բոլորին միասնական ջանքերով, եւ այսօրուան այս վերամարմնաւորուած տարածքը վկայութիւնն է մեր միասնական կամքին ու անսպառ յանձնառութեան»,- աւելցուց ան։
Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ներդրում ունեցան այս սենեակի նորոգման՝ գաղափարի յղացումէն մինչեւ իրագործում։
Ան մաղթեց, որ այս գրասենեակը դառնայ բեղմնաւոր նախաձեռնութիւններու, ստեղծագործ զրոյցներու եւ յարատեւ համագործակցութեան կենդանի բնագաւառ։
Արժանապատիւ քահանայ հայրը ջերմապէս շնորհաւորեց մասնաճիւղի վարչութիւնն ու անդամները՝ նոր գրասենեակի բացման առիթով եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոնց։
Այնուհետեւ, մտերմիկ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։
