
18 Մարտ 2026-ին, իւրայատուկ յիշատակի ելոյթ մը կազմակերպուեցաւ Ռոտոս կղզիի «Նեսթորիտիօ» հիմնարկի հանդիսասրահէն ներս, յարգելու համար Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան տեղւոյն «Տիգրան Երկաթ» մասնաճիւղի ատենապետուհի եւ գրագէտ, վաղամերիկ Խարա Քէօսէյեանի յիշատակը։ Հանգուցեալը, որպէս մտաւորական եւ կրթական մշակ, բացի իր գրական աշխատանքէն, ետին թողեց յիշատակներով լեցուն անցեալ մը Ռոտոսի մշակութային կեանքէն ներս, իսկ մասնաւորապէս աչքի ինկաւ որպէս Համազգայինի եռանդուն անդամ, յարգանք տածելով իր շուրջիններուն մօտ։
Ելոյթը տեղի ունեցաւ «Կինը յիշողութեան ու աւանդութեան ընդմէջէն» խորագիրի ընտրութեամբ եւ վայելեց բարձր ներկայութիւնը Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի։ Անոր կողքին գտնուեցան Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի Յուլիանա Մանուկեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Խաչիկ Խաչատուրեան։ Ներկայ էին կղզիի Մետրոպոլոտի ներկայացուցիչ հոգեւորականը, փոխմարզպետը, փոխքաղաքապետը, Յունաստանի արհեստագիտութեան կաճառի քարտուղարը, Ռոտոսի արհեստից թանգարանի վարչութիւնը, հասարակական եւ մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչներ. նաեւ սրահը լեցուն էր մշակութասէր հասարակութեամբ։
