
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբազան Արք. Աշքարեանի հովանաւորութեամբ, Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» մսնճղ.ի գրական յանձնախումբը Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2025-ին կազմակերպեց գրական երեկոյ մը, նուիրուած մեծանուն հայ, մտքի ու կրթութեան մշակ, ազգային ղեկավար, Համազգայինի հիմնադիրներէն Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին, յարգանքի տուրք մատուցելու անզուգական այն մարդուն, որուն անուամբ կոչուելու պատիւը ունինք մենք` «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղս։
Ձեռնարկի բեմավարն էր Գարոլին Քիւրքլեան։ «Աղբալեան»ի Գրական Յանձնախումբի անունով բացման խօսք ընթերցեց Սոնա Չալօղլեան։ Ապա Մարիա Պոտիկեան համապարփակ ձևով ներկայացուց Աղբալեանի կենսագրականը։ Յայտագիրը ճոխացուցին Յակոբ Շաքարեան եւ Եսթեր Կիւլտալեան, որոնք ասմունքեցին Ժագ Յակոբեանի «Մենք» քերթուածը։
Յայտագրի յաջորդ կէտով Քարէն Գատեհճեան ընթերցեց Ա. Ծառուկեանի «Մեծերը եւ Միւսները» հատորէն հատուածներ` Աղբալեանի և Լ. Շանթի անձնաւորութիւններուն առնչուող, որմէ ետք Քրիստ Դաւիթեան եւ Դուին Աքքէմեան զուգերգով մը` Սայաթ Նովայի «Դուն էն հուրին իս», ջերմացուցին մթնոլորտը։
Օրուան բանախօսն էր` Քէսապէն ժամանած, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ` Կարօ Մանճիկեան, որ ներկայացուց Համազգայինի պատմականը, նպատակը եւ հովանաւորած կառոյցները, ապա անդրադարձաւ միութեան հիմնադիրներուն, լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս Նիկոլ Աղբալեանի գործունէութիւնն ու գրական վաստակը։
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէն Նանար Պապեան_Քիլէճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յայտագրի մասնակիցներուն եւ յաջողութեան սատարողներուն։
Վերջապէս Սրբազան հօր պատգամով եւ պահպանիչով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին։
