
Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի անդամներ Նարեկ Գարամարտեան, Ռիթա Խաչոյեան, Էլենա Ֆարաճեան, Կապրիէլլա Պաթիկեան, Ալիք Պապօղլեան եւ Հայկ Յարութիւնեան ներկայացուցին երգիծագիր Նշան Պէշիկթաշլեանի «Հայ Աղբրտիք» հատորը, նաեւ սեղմ տողերու մէջ՝ հեղինակին կեանքին ու գործունէութեան մասին յատկանշական տեղեկութիւններ։
Նախքան բացումը, Գլաձոր մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Ռիթա Խաչոյեան շնորհաւորեց երկարամեայ համազգայնական եւ գրող ընկեր Գրիգոր Հոթոյեանը, ծննդեան հարիւրամեակին եւ նոր գիրքի հրատարակութեան զոյգ առիթներով։
Հաւաքին մասին աւելին՝ «Թորոնթոհայ» ամսաթերթի յառաջիկայ թիւին մէջ։
Հաւաքներու շարքը առիթ կ՚ընծայէ պատանի եւ երիտասարդ գրասէրներու, ծանօթանալու հայ գրողներու կեանքին եւ գործերուն, ինչպէս նաեւ հայերէնի գործածութիւնը զարգացնելու։
