
Շաբաթ 1 Նոյեմբեր 2025-ին, Համազգայինի «Պատանի Հայագէտ» ծրագիրը չորրորդ տարին ըլլալով կը միաւորէ Սիտնիի եւ Մելպուրնի հայկական դպրոցներու աշակերտները հայագիտական ջերմ ու մտերմիկ խաղ-մրցոյթի յարկի տակ:
Մրցոյթին միացան վեց վարժարաններ, հայագիտական թեման Արցախն էր:
Նախքան մրցոյթը պատանի հայագէտները համախմբուեցան մեկնաբանելու Արցախի քառօրեայ պատերազմը պատկերող գծանկարները, ինչպէս նաեւ Արցախի քարտէսի խճանկարը կազմելու: Պատանիները իմաստալից, ինքնատիպ եւ երբեմն յուզիչ մեկնութիւններով պատմեցին գծանկարներու պատմութիւնը, ապա աշխոյժ մթնոլորտի մէջ իրարու ծանօթացան, որմէ ետք ուղղուեցան Գօլստըն գոլէճի հանդիսասրահը, ուր հանդիսատեսը ուշագրաւ շրջագայութեամբ մը ուղղուեցաւ դէպի պատմական, մշակութային, հոգեւոր եւ մարտնչող Արցախ, իւրաքանչիւր քայլափոխին վկայելով Արցախի հազարամեայ հայկականութեան մասին:
