
Համազգայինի Կիպրոսի Պարի Միաւորին կազմակերպութեամբ եւ պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի ղեկավարութեամբ, այս տարի եւս մեր պարախումբերուն անդամները Օգոստոսի 10-15 առիթը ունեցան Դիլիջանի մէջ մասնակցելու պարային ճամբարի մը։
Հայաստանի գեղեցկագոյն վայրերէն մէկուն մէջ, մեր պատանիները հինգ օր բնութեան ծոցին մէջ դասերու հետեւեցան, խաղերու եւ պտոյտներու մասնակցեցան եւ անընդհատ պարեցին ու պարեցին այլ պարախումբերու իրենց տարեկիցներուն հետ, ուրախ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Պարային ճամբարի վերջաւորութեան անոնք ձեռք բերին՝ մեր մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու, իրարու հանդէպ սիրոյ, յարգանքի ու հայրենիքին հանդէպ խոր կապուածութեան վճռակամութիւն։ Անոնք վերադարձան կազդուրուած ու պատրաստ՝ պարային նոր տարեշրջանը սկսելու խանդավառութեամբ։
Շնորհակալութիւն մեր անխոնջ պարուսոյցին ու անոր կնոջ՝ Նանօրին, այս ծանր բայց հաճելի պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ յաջողութեամբ իր լրումին հասցնելու համար։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
