
Սփիւռքի տարածքին մշակութային տարբեր մարզերու մէջ մարդուժի պատրաստութեան նպատակով Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ արդէն իսկ սկսած է պարուսոյցներու պատրաստութեան դասընթացը, զոր կը վարէ ՀՊՄՀ պարարուեստի մանկավարժութեան ամպիոնի դասախօս, «Հայ Աստղեր» պարային անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար Սուրէն Խաչատրեանը։ Դասընթացը նպատակ ունի պարուսոյցներուն փոխանցել հայկական ժողովրդական պարերու հարուստ ժառանգութիւնը եւ նոր մեթոտներ։ Այս դասընթացներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն երեք հոգի Սուրիոյ Համազգայինէն եւ երկու հոգի` Քուէյթի Համազգայինէն։
