
Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Համազգայինի Մեկուսի Վարչութեան, Ուրբաթ 28 Նոյեմբեր, 2028-ին, երեկոյեան ժամը 17։00-ին, տեղի ունեցաւ Տոհմիկ Երեկոյ, ներկայութեամբ Քուէյթի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արսեն Առաքելեանին, այլ երկիրներու դեսպաններուն, Ա.Մ.Ն. Դեսպանութեան ներկայացուցիչին եւ գաղութիս ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն։ Վարչութեանս անունով ողջոյնի խօսքը փոխացեց Սամուէլ Լախոյեան, որմէ ետք ներկաները շրջեցան գաղութիս զաւակներուն կողմէ պատրաստուած վեց տարբեր գաւառներու՝ Սասունի, Այնթապի, Մարաշի, Ուրֆայի, Քիլիսի եւ Խարբերդի տաղաւարները, ուր ներկայացուեցան իւրաքանչիւր գաւառի ձեռագործները, զարդերը, նկարներ, տարազները, երաժշտական գործիքներն ու ճաշատեսակները։ Ապա իւրաքանչիւր տոհմ գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուց իր գաւառի պատմութիւնը, բարքերն ու սովորութիւնները։ Աւարտին Պրն. Դեսպանը արտայայտեց իր սրտի խօսքը, որմէ ետք, Գաղութիս Առաջնորդական տեղապահ Արժ. Տ. Արտակ Քհն. Քեհյայեանը պահպանիչով փակեց երեկոն։
