
Աշխարհի չորս կողմը սերունդներ հրապուրող՝ «Փինոքիոյի Արկածները» ներկայացումը դիտելը սքանչելի փորձառութիւն մը եղաւ: Ներկայացումը կազմակերպած էր Համազգայինի Թատերական միաւորը եւ հիմնուած Քարլօ Քոլլոտիի պատմութեան վրայ, որ թատերականացուցած է Միլլի Հարտի Սիմզը, եւ Համազգայինի խնդրանքով պատշաճեցուած էր արեմտահայերէնի՝ առաւելաբար Սարգիս Մահսէրէճեանի կողմէ:
Համազգայինի Թատերականը իր խօսքին մէջ կը գրէ, թէ բեմադրութիւնները կը ներկայացնէ միշտ հայերէնով, որպէսզի մեր պատանիները թատրոնի արուեստը լսեն իրենց մայրենի լեզուով, հայերէնի գործածութիւնը դառնայ բնական, տեսնեն եւ լսեն հետաքրքրական ու դաստիարակչական պատմութիւններ եւ ստեղծուին առիթներ, երբ մեր զաւակները հաւաքական հաճոյք ստանան հայկական մթնոլորտի մը մէջ:
