
«Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Տիթրոյթի շրջանը 16 Նոյեմբեր 2025-ին նշեց բացառիկ մշակութային իրադարձութիւն մը՝ «Արաքս» պարախումբի 20-ամեակը։ Տօնական հանդիսութիւնը ամփոփեց երկու տասնամեակ նուիրում, հետեւողական աշխատանք եւ երիտասարդ սերունդներուն մէջ, հայկական պարի պահպանման ու փոխանցման կարեւոր առաքելութիւն։ Ուշագրաւ էր, որ պարողներուն մէջ կային նաեւ նախկին պարողներու զաւակներ. բան մը, որ կ՚ընդգծէ «Արաքս» պարախումբի ճանապարհի շարունակութիւնը եւ նոր սերունդներուն փոխանցումը։
Պարախումբի գլխաւոր պարուսոյցը Նայիրի Կարապետեանն է, որ քսան տարուան վաստակով եւ սերունդներ բեմ հանելու իր նուիրումով ու փորձառութեամբ նպաստած է «Արաքս» պարախումբի աճին եւ երիտասարդ պարողներու պատրաստման։ Տիգրան Գալլան, որ սկզբնապէս բեմ բարձրացած է իբրեւ պարող եւ ապա երկար տարիներ Նայիրի Կարապետեանի կողքին գործած է իբրեւ օգնական պարուսոյց, նոյնպէս արժէքաւոր դեր ունի խումբի աշխատանքներուն մէջ։ Իսկ իբր նորութիւն՝ այս տարուան յայտագիրը աւելի ճոխացնելու նպատակով «Արաքս» պարախումբը հիւրաբար ընդունեց Լիբանանէն ժամանած պարուսոյց Կարօտ Հանեշեանը, որ իր մասնագիտական պատրաստութեամբ՝ համագործակցաբար Նայիրի Կարապետեանի եւ Տիգրան Գալլանի հետ, նպաստեց այս տարուան պարերուն որակային բարձրացման։
