
«Համազգային»ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանային վարչութեան կազմակերպած աննախընթաց հայ երաժշտական Փառատօնը տեղի ունեցաւ 19-21 Յունիս 2025-ին, Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ մասնակցութեամբ վաստակաշատ երաժիշտներ` Զաքար Քէշիշեանի, Սեւակ Աւանեսեանի, Հրաչեայ Աւանեսեանի եւ Սերուժ Գրաճեանի, ինչպէս նաեւ 20 մասնակից երեխաներու եւ պատանիներու։
Փառատօնին նպատակն էր հայ երաժշտութիւնն ու երաժշտական գործիքները ծանօթացնել կրտսեր երաժիշտ-մասնակիցներուն, անոնց առիթ տալ հայ երաժշտութիւն նուագելու վաստակաշատ արուեստագէտներու կողքին, այսպիսով ներշնչուելով եւ կապուելով Հայ երաժշտութեան ու մշակոյթին։ Նպատակն էր նաեւ գաղութը համախմբել «Համազգային»-ի եւ հայ մշակոյթին շուրջ։
«Համազգային»-ի առաքելութիւնն է պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակոյթը եւ կրթութիւնը՝ Հայաստանի ու համայն հայութեան գոյատեւման համար։
Այսօր երբ Հայաստանն ու Հայ ազգը աւելի քան երբեք կը գտնուին ճգնաժամային վիճակի մէջ, արմատներու կառչիլն ու խորքային դաստիարակութիւնը առիթ կու տան գօտեպնդուելու, ամրանալու ու պատրաստ ըլլալու յառաջիկայ պատեհ առիթէն օգտուելու։
Երեք օրերու ընթացքին, խանդավառ հայ երաժշտութեան թրթռացումով լեցուն էին Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահներն ու կիրակնօրեայ դպրոցի դասարանները։
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ:
