
Երկուշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2025-ին Համազգային Փարիզի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Roupen Sévag,le poète assassiné» գիրքի շնորհահանդէսը:
Գիրքը Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը եղեռնին մէջ» վէպի ֆրանսերէն թարգմանութիւնն է, նախկին Մխիթարեանի աշակերտներու կողմէ, հաւաքական աշխատանք մը՝ խումբ մը գրասէրներու։
Երեկոյի բացումը կատարեց հրատարակիչը՝ Շանթ Մերճանեան: Ան շեշտեց գործին գրական եւ պատմական արժէքը, նշեց նահատակ բանաստեղծին արժանիքներն ու տիպարը։ Ապա խօսք տուաւ Ռոզիկ Թաշճեան Աթամեանին, որ յղացած էր միտքը եւ ղեկավարած այս թարգմանական աշխատանքը: Ներկաները մեծ հետաքրութեամբ մասնակցեցան իրենց հարցումներով: Երեկոն վերջ գտաւ գիրքի մակագրութեամբ, սպառեցան 50 գիրքեր։
