Համազգայինի 95-ամեակին առիթով պէտք է յատուկ ձեւով լուսարձակի տակ առնել նաեւ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին գործունէութիւնը:

Գրասենեակը հիմնուած է 1991-ին: Համազգայինը` իբրեւ միութիւն, այդ ոճով գործունէութիւն ծաւալած է Հայաստանի մէջ: Միութիւնը սկսած է աշխատիլ իր գրասենեակին ճամբով: Սկզբնական շրջանին անոր անդամակցած են Ռազմիկ Դաւոյեան, Սօս Սարգսեան, Ռուբէն Յովսէփեան, Սարգիս Մուրատեան, Վահագն Ստամպուլեան, Երուանդ Երկանեան, Ֆելիքս Մելոյեան եւ ուրիշներ:

Մինչեւ 2007 Համազգայինը գործած է իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն: 2007-ին վերագրանցուած է իբրեւ Համազգայինի հիմնադրամ` հոգաբարձու խորհուրդի հինգ անդամ ունենալով Լիլիթ Գալստեանը, Էդուարդ Մսըրլեանը, Մկրտիչ Մկրտիչեանը, Սիմոն Հասըրճեանը եւ Սպարտակ Ղարաբաղցեանը:

Գրասենեակը անցնող տարիներուն եղած է գործունեայ: Աշխատած է զանազան մարզերու մէջ, կրթական, գեղարուեստական, հրատարակչական, կերպարուեստի եւ զանազան փառատօներու կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ իր դերակատարութիւնը ունեցած է:

Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը հետեւողական ձեւով կազմակերպած իր գիտաժողովներով, ակմբային հաւաքներով, հանդիպում-դասախօսութիւններով, գիրքերու քննարկումներով եւ շնորհահանդէսներով նոր վարկ եւ հեղինակութիւն վաստկած է Հայաստանի մէջ:

2002-էն ի վեր կազմակերպուող երիտասարդական հաւաքները` ֆորումները, «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօներուն սփիւռքի մեր կառոյցներուն հրաւէր ելոյթներու դասաւորումները, արուեստագէտներու, պարուսոյց, դերուսոյց, խմբավար, գեղանկարիչ դասախօսներու գործուղումները իրենց մեծ դերակատարութիւնը ունեցան:

Պէտք է յիշել, որ Սօս Սարգսեանի ճիգերով ունեցանք նաեւ Համազգայինի պետական թատրոն. 1994-ին հիմնադրուած Համազգայինի թատրոնը, որ աւելի ուշ ունեցաւ պետական կարգավիճակ, այսօր կը շարունակէ մնալ արուեստագէտներու եւ թատերասէրներու ուշադրութեան կեդրոնն ու փնտռուած վայրը:

Վերջին տարիներուն Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին հետ կնքուած համաձայնագիրը հայագիտական ուսման ամբողջացման եւ սփիւռքի մէջ մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքին կը նպաստէ մեծապէս:

Վերջապէս պէտք է ըսել, որ Համազգայինը ունեցաւ նաեւ Գիւմրիի իր գրասենեակը, որպէսզի` իբրեւ մշակութային կեդրոն եւ մշակոյթով հարուստ քաղաք, կարենայ նոր նախաձեռնութիւններ կազմակերպել:

Արցախի Գրասենեակ

2017-ի յուլիսի Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովին որոշումով, Արցախի մէջ ունեցանք Համազգայինի գրասենեակ մը, որուն տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Հերմինէ Աւագեանը:

2018-էն սկսեալ Արցախի մէջ կազմակերպուեցան մշակութային զանազան ձեռնարկներ: Արցախ-սփիւռք փոխադարձ գործակցութիւնը թափ ստացաւ, եւ  տարբեր նախաձեռնութիւններ իրականացան: Թատերական, գրական, երաժշտական եւ կերպարուեստի մարզերուն մէջ, Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Աստղաշէնի, Գիշի, Բերձորի եւ արցախեան այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցան մշակութային ձեռնարկներ:

2021-ին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Պատերազմի աչքերը» ցուցահանդէսը` նուիրուած Արցախի 44-օրեայ պատերազմին:

Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք գրասենեակը Արցախի մանուկներուն զօրակցութեան եւ զանոնք քաջալերելու տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպեց:

Վերջապէս, կրնանք հաստատել, որ Հայաստան-սփիւռք մշակութային բազմաբնոյթ աշխատանքներու զարգացման համար Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ գրասենեակները իրենց շնորհակալ աշխատանքը տարին եւ կը շարունակեն տանիլ:

95-ամեակին առիթով կ՛արժէ յիշել եւ յարգել բոլոր նուիրեալները, որոնք անցնող տարիներուն մեծ հաւատքով ու նուիրումով գործեցին Հայաստանի թէ Արցախի գրասենեակներուն ճամբով եւ Հայաստան-սփիւռք-Արցախ ոգեղէն կապի հզօրացման առումով իրենց նպաստը բերին:

Յաջորդը` Ֆորում եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններ:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ