Համազգայինի յաջորդական պատգամաւորական ժողովները յատուկ օրակարգի նիւթ ունեցած են մշակոյթ-երիտասարդութիւն կապի հզօրացման ու նոր նախաձեռնութիւններով երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ Համազգայինի շարքերը հարստացնելու մտահոգութիւնները:

95-ամեակի այս յօդուածաշարքին մէջ կարելի չէ յատուկ բաժին մը չտրամադրել երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն, մանաւանդ` յատուկ կերպով չմատնանշել Ուսանողական հաւաքի (ֆորումի) հետեւողական աշխատանքը:

Համազգայինի Ուսանողական-մշակութային հաւաքը (ֆորում) ծնունդ առաւ 1994-ին, Համազգայինի Բ. Ընդհանուր ժողովին` հիմնական նպատակ ունենալով աշխարհի չորս ծագերէն հայ համալսարանականները հաւաքել տարին անգամ մը հայկական մթնոլորտի մէջ, անոնց հրամցնել հայութեան անցեալն ու ներկան, մշակութային արժէքներուն ծանօթացնել, հայ մտաւորականներուն հետ քննարկումներ կազմակերպել` ազգային, մշակութային եւ ընկերային տարբեր հարցերու ու դժուարութիւններուն մասին:

Սկզբնական փուլին հաւաքները կայացան Պէյրութի Ճեմարանի յարկին տակ, հետագային անոնց համախմբման վայրերը դարձան Հայաստանն ու Արցախը: Մինչեւ օրս տարեկան միջին հաշուով երեսուն ուսանողներ կը հանդիպին, եւ աշխատանքը կազմակերպուած ձեւով կը շարունակուի: Ֆորումի ճամբով իրարու ծանօթացած, շուրջ 15 օրեր իրարու հետ ապրած երիտասարդներուն միջեւ անքակտելի կապ մը կը հաստատուի եւ տարբեր սերունդներ աւելի եւս կ՛առնչուին հայկականութեան եւ ազգային արժէքներուն:

Համազգայինի Artlinks երիտասարդական ցանցի հաւաքները կը միացնեն Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական մշակոյթով հետաքրքրուած երիտասարդները: Artlink ցանցի աշխատանոցներուն ընթացքին երիտասարդները հանդիպում-զրոյցներ կ՛ունենան համբաւաւոր հայ արուեստագէտներու հետ, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու մասին զեկուցումներ կը տրուին, ու տարբեր աշխատանքներ կ՛իրականանան:

Համազգայինի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը երրորդն է երիտասարդներուն ու ուսանողներուն հասցէագրուած նախաձեռնութիւններուն մէջ: Անիկա կը համախմբէ վերոյիշեալ երկու նախաձեռնութիւններուն նպատակները: Այսինքն տարին անգամ մը իրարու քով կը բերէ երիտասարդ ուսանողներ` անոնց հայկական ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ մշակոյթին ու ազգային արժէքներուն աւելի եւս իրազեկ դարձնելու նպատակով:

Վերոնշեալ աշխատանքներուն կողքին,  երիտասարդութեան լայն շրջանակի մը հասնելու հեռանկարով, 2019-ին կը հաստատուի եւ կը մեկնարկէ «h-pem.com» հայկական մշակութային առցանց բեմը, որուն գլխաւոր լեզուն անգլերէն է: Բեմին առաքելութիւնն է հասնիլ բոլորին, մասնաւորաբար` հայ երիտասարդութեան եւ զանոնք արդիական ու ստեղծագործական միջոցներով հաղորդակից դարձնել հայ մշակոյթին եւ հայրենիքին:

Համազգայինի 7-րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումով (2014) ընդգծուեցաւ անհրաժեշտութիւնը նման նախաձեռնութեան մը, որուն գործնական աշխատանքները սկսան 2019-ին: Բեմին հիմնական նպատակներէն մէկն է հայ մշակոյթի հայաստանեան եւ սփիւռքեան արտայայտութիւնները մատչելի դարձնել հանրութեան, բեմին վրայ իրականացնել մշակութային գործակցութիւններ եւ կատարել հայկական մշակութային ձեռնարկներ, նաեւ` հայ սերունդները հաղորդակից դարձնել իրենց մշակութային ժառանգութեան:

Համազգայինի 95-ամեակին առիթով պէտք է ընդգծել, որ յաջորդական կեդրոնական վարչութիւնները անցնող տասնամեակներուն տարբեր տեսակի նախաձեռնութիւններով փորձած են երիտասարդական համախմբումներով աշխատանքային նոր դաշտեր ձեւաւորել եւ հորիզոններ բանալ:

Պէտք է յիշել նաեւ, որ անցնող 95 տարիներուն Համազգայինի թատերախումբերը, երգչախումբերը, պարախումբերը հազարաւոր երիտասարդներ համախմբեցին` տարբեր բնագաւառներու մէջ անոնց մասնակցութիւնը ապահովելով:

Յաջորդը` Համազգայինի թատերական կեանք:

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ